image

Միրզոյեան- Պայրամով հանդիպում՝ Նիւ Եորքի մէջ

Միրզոյեան- Պայրամով հանդիպում՝ Նիւ Եորքի մէջ

Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ Ընդհանուր համաժողովի նստաշրջանի ընթացքին հանդիպած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանն ու Ճէյհուն Պայրամովը։ 

Այս մասին յայտնած են ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութենէն։

Նշուած է, որ որ սեպտեմբեր 22-ին կայացած հանդիպման ընթացքին նախարարները միտքեր փոխանակած են խաղաղութեան օրակարգի առաջմղման հնարաւոր քայլերու շուրջ՝ յենուելով օգոստոս 8-ի Ուաշինկթընի Խաղաղութեան գագաթնաժողովի արդիւնքներու վրայ։

Երկու երկիրներու արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները համաձայնած են շարունակել երկխօսութիւնը։