image
Հրատապ լուրեր:

Միքայէլ Սրբազանը տեղափոխուած է հիւանդանոց

Միքայէլ Սրբազանը տեղափոխուած է հիւանդանոց

Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանն արդէն տեղափոխուած է Իզմիրլեան բժշկական կեդրոն:

Պաշտպաններու խումբը նշած է, որ այս պահուն ան կ՚անցընի բժշկական հետազօտութիւններ:

Յիշեցնենք, որ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի՝ «երկրում ռազմական յեղաշրջում անելու» յայտարարութիւններու վերաբերեալ քրէական վարոյթ նախաձեռնուած էր՝ իշխանութիւնը զաւթելուն, տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելուն կամ սահմանադրական կարգը բռնի տապալելուն ուղղուած հրապարակային կոչեր ընելու համար։

Ան դատապարտուած է 2 տարուան ազատազրկման՝ մեղաւոր ճանչցուելով իշխանութիւնը զաւթելու հրապարակային կոչեր հնչեցնելու համար: