image

Մինչեւ Ապրիլի վերջ սահմանազատման յանձնաժողով պիտի ստեղծուի

Մինչեւ Ապրիլի վերջ  սահմանազատման  յանձնաժողով  պիտի ստեղծուի

Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը:

Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու վերջին գործողութիւններուն հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին, մարդասիրական խնդիրներուն:

Քննարկուած են 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի, 2021 թուականի Յունուար 11-ի, Նոյեմբեր 26-ի եռակողմ յայտարարութիւններու, ինչպէս նաեւ Դեկտեմբեր 14-ին Պրիւքսէլի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման վերաբերող հարցեր:

Հանդիպման արդիւնքներով ձեռք բերուած է պայմանաւորուածութիւն` 2021թ. Նոյեմբեր 26-ին Սոչիի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութեան համաձայն` մինչեւ Ապրիլի վերջը ստեղծել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմաններու սահամանազատման հարցերով երկկողմ յանձնաժողով, որ օժտուած պիտի ըլլայ նաեւ սահմանի երկայնքով անվտանգութիւն եւ կայունութիւն ապահովելու հարցերով:

Հայաստանի վարչապետը եւ Ատրպէյճանի նախագահը արտաքին գործերու նախարարներուն յանձնարարած են մեկնարկել երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններու նախապատրաստական աշխատանքները: