image

Միլանոյի մէջ. Հայաստան մասնակից  «Պատասխանատու տիեզերական գործունէութիւն՝ յանուն կայունութեան» խորագրեալ ցուցահանդէսին 

Միլանոյի մէջ. Հայաստան մասնակից  «Պատասխանատու տիեզերական գործունէութիւն՝ յանուն կայունութեան» խորագրեալ ցուցահանդէսին 

Հայաստանը մասնակցած է Միլանոյի մէջ օրերս տեղի ունեցած  «Պատասխանատու տիեզերական գործունէութիւն՝ յանուն կայունութեան» խորագրով ցուցահանդէսին, որ կազմակերպուած էր Տիեզերագնացութեան միջազգային 75-րդ համաժողովըի ծիրէն ներս։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։

Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝

Միլանոյի մէջ Հոկտեմբեր 14-18 տեղի ունեցած է Տիեզերագնացութեան միջազգային 75-րդ համաժողովը,  կազմակերպուած «Տիեզերագնացութեան միջազգային դաշնակցութեան» կողմէ։ 

Աւելի քան 70-ամեայ սոյն կազմակերպութիւնը կը համախմբէ տարբեր երկիրներու ազգային տիեզերական գործակալութիւնները, այդ բնագաւառի ընկերութիւնները, ինչպէս նաեւ փորձառու եւ երիտասարդ մասնագէտները։

Հայաստանի Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութենէն կը հաղորդեն, թէ համաժողովի շրջանակին մէջ կազմակերպուած «Պատասխանատու տիեզերական գործունէութիւն՝ յանուն կայունութեան» խորագրով ցուցահանդէսին, Հայաստան մասնակցած է միասնական տաղաւարով՝ ներկայացնելով չորս ընկերութիւն։  

Սոյն համաժողովը եւ ցուցահանդէսը կարեւոր հարթակներ են տիեզերանագնացութեան եւ յարակից արհեստագիտական բնագաւառներու ընկերութիւններու համար՝ ցուցադրելու իրենց լաւագոյն լուծումները, ստեղծելու համագործակցութեան նոր կարելիութիւններ եւ հաստատելու կապեր նշանաւոր գործիչներու եւ որոշում կայացնողներու հետ։