image

Դամասկոսի մէջ.  Առաջնորդ Սրբազանը մասնակից Կիր Փիթրսընի ներկայ եղած նիստին

Դամասկոսի մէջ.  Առաջնորդ Սրբազանը մասնակից Կիր Փիթրսընի ներկայ եղած նիստին

Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան ներկայ գտնուած է Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած՝ ՄԱԿ-ի Սուրիոյ բանագնաց Կիր Փիթրսընի հետ գումարուած հանդիպումին, որուն ներկայ գտնուած են նաեւ Սուրիոյ քրիստոնեայ պատրիարքներ, համայնքապետներ, պապական դեսպանը։

 Ստորեւ «Արեւելք» կը ներկայացնէ  եղած  հանդիպման մասին  «Գանձասար»ի տուած լրատւութիւնը՝

Չորեքշաբթի, 18 Դեկտեմբերին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան Դամասկոսի մէջ ներկայ գտնուեցաւ ՄԱԿ-ի Սուրիոյ բանագնաց Կիր Փիթրսընի հետ գումարուած հանդիպումին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Սուրիոյ քրիստոնեայ պատրիարքներ, համայնքապետներ, պապական դեսպանը եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի յարաբերական մարմնի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան։

Հանդիպումին խօսուեցաւ Սուրիոյ ընդհանուր իրավիճակին, գալիք ապագային առնուելիք որոշումներուն եւ հետագայ աշխատանքներուն շուրջ։ 

Փիթրսըն Սուրիոյ ներկայ իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ իր հանդիպումներուն մասին զեկոյց տուաւ եւ  յորդորեց համբերատար ըլլալ, որովհետեւ երկրի մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւնները իրենց լրումին հասնելու համար ժամանակի կը կարօտին։

Քրիստոնեայ համայնքապետները եւ պատրիարքները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին յանուն Սուրիական Հայրենիքին։

Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Փիթրսընին իր կատարած պատասխանատու աշխատանքին համար եւ Վեհափառ Հայրապետին ողջոյնները փոխանցեց անոր։