image

Միջուկայինի զէնքի սպառնալիքը կը սրէ Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութիւնը. Չինաստանի ԱԳՆ

Միջուկայինի զէնքի սպառնալիքը կը սրէ Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութիւնը. Չինաստանի ԱԳՆ

Միջուկային զէնքի կիրառման սպառնալիքը կը սրէ Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութիւնը: Այս մասին յայտնած է Չինաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։

«Միջուկային պատերազմի սպառնալիքի ուռճացումը չօգներ լիցքաթափելու Ուքրանիոյ մէջ իրավիճակը, այլ միայն կրակի վրայ իւղ կը լեցնէ»,- Չինաստանի ԱԳՆ-ի խօսքերը մէջբերած «ՌԻԱ Նովոստի»-ն։

Չինաստանի իշխանութիւնները հակամարտութեան դիւանագիտական կարգաւորման եւ կողմերու զսպուածութեան կոչ ըրած են։ Հակամարտութեան կողմերը պէտք է շահագրգռուած ըլլան իրավիճակի ապամագլցմամբ, ընդգծած են Չինաստանբի ԱԳՆ-էն: