image

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Քարտուղարի այցը՝ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքապետարան

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Քարտուղարի այցը՝ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքապետարան

«Արեւելք» (Հալէպ),- Հալէպահայ լրագրող Յովիկ Շէհէրեան կը տեղեկացնէ՝

 Հինգշաբթի, 5 Սեպտեմբեր 2024֊ին, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղար Դոկտ. Միշէլ Ապս այցելութիւն տուաւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ` Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի։ 

Այցելութիւնը սկիզբ առաւ «Հայր Մեր»-ով Բեթէլ եկեղեցիէն ներս, ապա ծաղկեպսակի մատուցումով Մեծ Եղեռնի Նահատակներու յույարձանին դիմաց։ 

Հանդիպման ընթացքին կողմերը շեշտեցին երկկողմանի համագործակցութեան կարեւորութեան մասին յանուն ժողովուրդի ծառայութեան։ 

Ընդհանուր քարտուղարը մօտէն ծանօթացաւ համայնքի տարած աշխատանքներուն, որ ամփոփուած էին տեսերիզի մը մէջ։ Ան նաեւ հանդիպում ունեցաւ Հալէպի հայ Աւետ. եկեղեցիներու ժողովներու, կազմակերպութիւններու, վարժարաններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ 

Ընդ. քարտուղարը բարձր գնահատեց համայնքի տարած աշխատանքը հոգեւոր, կրթական, մարդու պատրաստելու եւ մարդասիրական ոլորտներէն ներս։ 

 

 

Հանդիպման աւարտին, Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան պարգեւատրեց Դոկտ. Ապսը Համայնքի նշանը կրող յուշանուէրով շնորհաւորելով անոր վերընտրումը երկրորդ քառամեայ շրջանի համար որպէս ընդհանուր քարտուղար։