Հայաստանը պատրաստ է ստուգելու Ատրպէյճանին տրամադրած ականապատ տարածքներու քարտէզներու ճշգրտութիւնը՝ միջազգային փորձագէտներու ներգրաւմամբ։ Այս մասին X-ի իր էջին յայտնած է ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Անի Բադալեանը։
Վերջին օրերուն պաշտօնական Պաքուն կրկին սկսած է Հայաստանէն ականապատ տարածքներու «ճշգրիտ քարտէզներ» պահանջել, մեղադրելով, թէ «Երեւանի փոխանցած քարտէզներու 25 տոկոսը միայն ճշգրիտ է»։
Անի Բադալեանը, շեշտելով մարդասիրական հարցերու կարեւորութիւնը, յիշեցուցած է, որ 2021-ի յունիս 12-ին, յուլիս 3-ին, հոկտեմբեր 19-ին, նոյեմբեր 1-ին եւ նոյեմբեր 29-ին Հայաստանը միակողմանիօրէն Ատրպէյճանին տրամադրած է ականապատ դաշտերու 972 գրանցամատեան՝ առանց նախապայմաններու։
«Աւելին, հաւատարիմ մնալով մարդասիրական հարցերում համագործակցութեան սկզբունքներին, 2024-ի սկզբին հարցումների միջոցով Հայաստանը կազմել եւ Ադրբեջանին է փոխանցել ականապատ դաշտերի նոր գրանցամատեաններ։ Ադրբեջանը շարունակաբար հարցականի տակ է դնում այս քարտէզների ճշգրտութիւնը՝ չնայած մեր յայտարարութիւններին, որ չկան «աւելի լաւ կամ աւելի ճշգրիտ» քարտէզներ։ Հայաստանը, թէ՛ նախկինում, թէ՛ այժմ պատրաստ է ստուգել այս քարտէզների ճշգրտութիւնը՝ միջազգային փորձագէտների ներգրաւմամբ»,- գրած է Բադալեանը։
ԱԳՆ ներկայացուցիչը նաեւ աւելցուցած է, որ Արդարադատութեան միջազգային դատարանը միանշանակ մերժած է Հայաստանի դէմ միջանկեալ միջոց կիրառելու պահանջը, որուն մէջ Ատրպէյճանը մեղադրած էր Հայաստանը ականապատման գործողութիւններու մէջ։