image

Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին Ատրպէյճանը կեղծ եզրակացութիւններ ներկայացուցած է.Սիրանոյշ Սահակեան

Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին Ատրպէյճանը կեղծ եզրակացութիւններ ներկայացուցած է.Սիրանոյշ Սահակեան

Միջազգային յանցագործութիւններու հետ կապուած Փորձաքննութիւններու ազգային բիւրոյի կատարած աշխատանքն ակնառու եղած է: Փորձաքննութիւններու ազգային բիւրոյի հիմնադրման 20-ամեակին նուիրուած գիտաժողովի ժամանակ իր ելոյթին մէջ նշած է Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին մէջ ռազմագերիներու ներկայացուցիչ, Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոնի նախագահ Սիրանոյշ Սահակեանը։

Անոր խօսքով՝ միջազգային յանցագործութիւններու դէմ պայքարը ժամանակակից մարտահրաւէրներէն է, եւ իրաւապաշտպանական համայնքի խնդիրն է ներկայացնել յանցագործութիւններէն տուժած անձանց իրաւունքները միջազգային ատեաններուն առջեւ:

«Այս ատեաններում ներկայացւում են եզրակացութիւններ, որոնց նպատակը միջազգային հանրութեան շրջանում տեսակէտ ձեւաւորելն է, որ կոնֆլիկտների ընթացքում չեն կատարուել յանցագործութիւններ, բացակայել են բռնութիւնները: Մենք, ցաւօք, ականատես ենք եղել այնպիսի արատաւոր պրակտիկայի, երբ միջազգային ատեաններում, ինչպիսին Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանն է, պատասխանող պետութիւնը՝ Ադրբեջանը, ներկայացրել է կեղծ եզրակացութիւններ»,-ըսած է ան:

Սահակեանը նշած է, որ սա այն մարտահրաւէրներէն է, որու յաղթահարումը կը պահանջէ մասնագիտական մօտեցում:

«Բիւրոյի աշխատակիցների պրոֆեսիոնալ մօտեցման արդիւնքում իրականացուած փորձաքննութիւնների միջոցով մենք յաջողութեամբ կարողացել ենք դուրս բերել եղելութիւնը:

Այդ փորձաքննութիւնները եղել են մրցունակ, միջազգային հարթակներում դեր են խաղացել եւ շարունակում են դեր խաղալ հայկական փաստարկները հիմնաւորելու, իրականութիւնը հաստատելու եւ միջազգային արդարադատութեանը նպաստ բերելու համար»,- յայտարարած է ան: