Յարգանքի եւ Յիշատակի Տուրք Վերապատուելի Մովսէս Պ. Ճանպազեանի Ծննդեան 80-ամեակին եւ Վախճանման 25-ամեակին Առիթով
Գանատահայ Ազգային Հասարարական Գործիչ՝ Յակոբ Ճանպազեան կը գրէ՝
Այս տարի կը լրանայ վերապատուելի Մովսէս Պ. Ճանպազեանի ծննդեան 80-ամեակը, միեւնոյն ժամանակ այսօր կը նշենք անոր վախճանման 25-ամեակը: Այս երկու խորհրդանշական տարեդարձները առիթ են` վերարժեւորելու անոր ապրած կեանքին, ծառայութեան եւ ժառանգութեան խորիմաստ ուղին, առիթ` արժանաւորապէս յարգելու անոր ապրած հոգեւոր, ազգային եւ մարդասիրական կեանքը, որ խոր եւ տեւական ազդեցութիւն ձգած է հայ ժողովուրդի զանազան համայնքներուն մէջ` Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքի զանազան գաղթօճախները:
Վերապատուելի Ճանպազեան եղած է հայ աւետարանական համայնքի առաջնորդներէն ինչպէս տեղական, այնպէս ալ համաշխարհային մակարդակի վրայ: Բարձր արժեւորուած` իբրեւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան վարիչ գործադիր տնօրէն, ան յաջողած է ամրագրել կազմակերպութեան գործն ու ազդեցութիւնը ոչ միայն հաւատացեալ շրջանակներու, այլ նաեւ ամբողջ ազգի կեանքին մէջ: Ան եղած է նաեւ Համաշխարհային աւետարանական ընկերակցութեան նախագահը` ոգի ի բռին ծառայելով իր սիրած համայնքին եւ որպէս կամուրջ տարբեր եկեղեցական համակարգերու եւ հոգեւոր շարժումներու միջեւ ամէնուրեք:
Կ՛արժէ յիշատակել վերապատուելիին ականաւոր մասնակցութիւնը բազմաթիւ համաշխարհային հոգեւոր կառոյցներու, եկեղեցական վարչութիւններու եւ միջեկեղեցական համագործակցութիւններու մէջ` բարձր մակարդակի վրայ ներկայացնելով հայ աւետարանական համայնքը համաշխարհային հարթակներու վրայ:
Իր երկարամեայ եւ հետեւողական գործունէութեան շնորհիւ եւ որպէս հայոց մեծասքանչ ոսկեղենիկի հաւատարիմ երկրպագու` վերապատուելի Ճանպազեան նաեւ եղած է Երեւանի Աւետիսեան վարժարանի գլխաւոր հիմնադիրը, ուր տասնեակ տարիներ շարունակ որակեալ կրթութիւն կը ստանան Հայաստանի բազում աշակերտներ` քրիստոնէական ու ազգային արժէքներով դաստիարակուելով:
Սիրելի՛ ընթերցող, կը յիշեմ` 1988-ի Սպիտակի աղէտալի երկրաշարժի օրերուն վերապատուելին անմիջապէս արձագանգեց: Ան ոչ միայն կազմակերպեց մարդասիրական առաջին օգնութեան առաքումներ, այլ նաեւ համակարգեց ամերիկեան եւ միջազգային օժանդակութեան զգալի հոսք` հայ ժողովուրդին կենսական կարիքներուն ի պատասխան:
Անոր հոգեւոր տեսլականը ընդգրկեց նաեւ Արցախը: Արդարեւ, Մովսէս Ճանպազեան եղաւ այն փոքրաթիւ առաջնորդներէն, որոնք նախաձեռնեցին արցախահայութեան մէջ եկեղեցական կեանքի վերակենդանացումը եւ պատանեկան ու երիտասարդական ճամբարներու մեկնարկումը` տարիներ շարունակ հոգալով նաեւ անոնց հոգեւոր, բարոյական, նիւթական եւ բարեսիրական աջակցութիւնը:
Ամերիկայի Նիւ Ճըրզի նահանգի մէջ վերապատուելին եղաւ նախաձեռնողներէն մին` հիմնումին Հայ աւետարանչական նոր կեդրոնի մը, ուր կեանք ստացան հոգեւոր ծառայութիւն, կրթական եւ համայնքային ծրագիրները, որոնք կը մատուցուին մինչեւ այսօր աշխարհի չորս ծագերուն:
Կ՛արժէ յիշատակել վերապատուելի Մովսէս Ճանպազեանի զանազան երկիրներու մէջ նախաձեռնութիւնը եւ աջակցութիւնը` հոգեւոր, ազգային ու բարեսիրական բազմաթիւ ծրագիրներու, ներառեալ` Միջին Արեւելք, Եւրոպա, Լատինական Ամերիկա եւ նախկին Խորհրդային Միութեան հանրապետութիւններ:
Իր ծառայութեան տարիներուն վերապատուելին մեծապէս նպաստեց հայ հոգեւոր եւ համայնքային վերածնունդին, մասնաւորաբար` Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք: Ան ունեցաւ` առանցքային դերակատարութիւն Հայաստանի մէջ եկեղեցաշինութեան, հովիւներու կրթութեան, երիտասարդական ծրագիրներու ստեղծման եւ մարդասիրական օգնութեան համակարգման մէջ: Անոր ջանքերով բազմաթիւ եկեղեցիներ վերագտան իրենց դերը` որպէս հաւատքի, արժէքներու եւ ազգային ինքնութեան պահպանման կեդրոններ:
Սփիւռքի մէջ եւս վերապատուելի Ճանպազեանի հոգեւոր առաջնորդութիւնը տեւական ազդեցութիւն ունեցաւ, մասնաւորաբար` ամերիկահայ, միջինարեւելեան եւ եւրոպական հայ համայնքներուն մէջ: Իր քարոզներով, գրականութեամբ եւ համաժողովներու նախաձեռնութեամբ, ան ծառայեց որպէս կամուրջ` սերունդներուն միջեւ եւ իբրեւ շինիչ ձայն` ապագայատեսիլ ուղեգծման:
Այս յոբելենական տարիին ընտանեօք, ընկերակցութեամբ եւ համայնքով կը յիշենք Մովսէսի սիրտն ու խօսքը, առաջնորդութիւնն ու խոնարհութիւնը: Անոր ձգած ժառանգութիւնը յարատեւ ներշնչման աղբիւր կը զգենու բոլոր անոնց համար, որոնք կոչուած են ծառայելու` հաւատքին, ազգին եւ մարդկային արժանապատուութեան:
Վերապատուելիի ծննդեան եւ մահուան երկու յիշարժան տարեդարձներուն առիթով մենք կը յարգենք ու կը գնահատենք այն կեանքը, որ ապրուած էր` ի սպաս Աստուծոյ, ազգին եւ համամարդկութեան:
Կը հաւատամ, որ վերապատուելի Ճանպազեանին ձգած ժառանգութիւնը ոչ միայն անցեալի պատմութիւնն է, այլ նաեւ կենդանի ուղեցոյց եւ առաքելութիւն` ներկայ եւ գալիք սերունդներուն:
Յաւիտենական յիշատակ` վերապատուելի Մովսէս Պ. Ճանպազեանին, որ եղաւ հաւատքի առաջնորդ, ազգի ծառայ եւ մարդասիրութեան տէր` տեսիլքի եւ առաքելութեան գլխագիր մարդ:
Յակոբ Ճանպազեան