image

«Իսկական հաղորդութեան, աղօթքի եւ մէկ ընտանիք ըլլալու մասին». Գերշ. Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեանի հոգեշահ գրառումը

«Իսկական հաղորդութեան, աղօթքի եւ մէկ ընտանիք ըլլալու մասին». Գերշ. Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեանի հոգեշահ գրառումը

Դէպի Հայաստան կատարուող ուխտագնացութիւններն ու այցելութիւնները միայն զբօսաշրջութիւն չեն․ անոնք յոյսի նոր շունչ կու տան Սփիւռքի մեր զաւակներուն։ Հայրենի հողի հետ վերամիացումը կը դառնայ ինքնութեան վերագտնում, անցեալի հետ կենդանի կապ եւ կրօնական ուսմունքներու կենսաւորում։ Այցելութիւնները նաեւ ուխտաւորներու ճամբով կը դառնան հոգեւոր ուղի՝ որ կը միացնէ սերունդները իրենց արմատներուն։

Օրերս նմանօրինակ գեղեցիկ առիթի մը համար Հայաստան ժամանած են խումբ մը պրազիլահայ ուխտաւորներ խրոխոյսով եւ գլխաւորութեամբ ՝ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեանին։

Ուխտաւորներու խումբը ստանալէ ետք  Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի  գահակալ Հայրապետ ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին անցած է իր  շրջայցին։

Այս բոլորին մասին գրառում մը կատարած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Պրազիլիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեան եւ այդ գրառումներու փունջը 

«Արեւելք» անգլերէնէ թարգմանելով կը ներկայացնէ մեր ընթերցող հասարակութեան ուշադրութեան։ 

 Գերշ. Տ. Նարեկ եպս. Կը գրէ՝ 

« Այց դէպի ԱՅԲՈՒԲԵՆԻ ՅՈՒՇԱԿՈԹՈՂ»

Հայոց այբուբենը «ալֆապէթ»ի շարք մը տառեր չէ միայն, այլ աստուածային պարգեւ՝ անժամանցելի եւ սուրբ։ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց՝ երկնային ներշնչումով, զայն տուաւ մեր ժողովուրդին իբրեւ կամուրջ երկինքէն դէպի երկիր։ Ան կը սկսի «Ա» տառով՝ Աստուծոյ անուան առաջին տառով, եւ կը փակուի «Ք» տառով՝ Քրիստոսի անուան առաջին տառով։ Սկիզբէն մինչեւ վերջ, հայերէնի տառերը կը վկայեն, թէ մեր լեզուն, հաւատքը եւ ինքնութիւնը Աստուծոյ մէջ կ՛ամփոփուին եւ Քրիստոսի մէջ կը լրանան։

Միասնական ընթրիք եւ այց՝ «ՍԱՂՄՈՍԱՎԱՆՔ»

Ուխտագնաց խումբը մեծ օրհնութիւն ունեցաւ այցելելու Սաղմոսավանք։

Միասին սեղանի շուրջ հաց կիսելով, մեր ընթրիքը մարմնի միայն սնունդ չէր միայն, այլ հոգիի խնճոյք։ Սեղանի շուրջ կը փոխանակենք պատմութիւններ, կը թնդայ ծիծաղը, եւ մեր սրտերը կը մօտենան իրարու։ Այդ պարզ, բայց սուրբ պահերուն մէջ, մեր ընկերակցութիւնը կը զօրանայ եւ կ՛ամրապնդուի մեր կապը, յիշեցնելով, թէ իսկական հաղորդութիւնը միայն աղօթքին մէջ չէ, այլ նաեւ ուրախութեան մէջ՝ երբ կը զգանք մեզ, որպէս մէկ ընտանիք։

 Այց դէպի ՀԱՂԱՐԾԻՆ

Մենք նաեւ օրհնութիւնը ունեցանք այցելելու Հաղարծինի վանքը, որ կը հանգչի հայկական լեռներու գիրկին մէջ։ Շուրջ բոլորը խաղաղ անտառներ եւ դարաւոր քարաշէն պատեր։ Այնտեղ շունչը կը զգանք պատմութեան, հաւատքի եւ աղօթքի։ Վանքը մեզ հրաւիրեց ոչ միայն հիանալու իր գեղեցկութեամբ, այլ նաեւ նորոգելու մեր հոգիները մեր սրտերը գոհունակութեամբ բարձրացնելով առ Աստուած, որ առաջնորդէ մեր հոգեղէն ճամբորդութիւնը»։

Նշենք, որ այցելութիւնը տակաւին կը շարունակուի։