Հանրայայտ պատմաբան Դոկտ. Արա Սանճեան կը գրէ՝
Վերջին ժամերուն, Ֆէյսպուքի վրայ գրառումներու հանդիպեցայ թէ հայ ժողովուրդը «փաշա» պատուանունով կոչած է նաեւ Անդրանիկը, Արամ Մանուկեանը... Կրնամ աւելցնել նաեւ վանեցի եւ Եղեռնէն ետք Իրաք հաստատուած դաշնակցական գործիչ Լեւոն Շաղոյեանը։ Քիչ մը երկար մտածէի, հաւանաբար այլ յարգարժան անուններ ալ հաւանաբար մտաբերէի։
«Փաշա» բառը Օսմանեան Կայսրութեան մէջ պաշտօնական կոչում էր։ Անիկա սուլթանին կողմէ կը շնորհուէր բարձրաստիճան զինուորականներու, նահանգապետերու եւ նախարարներու, բայց ո՛չ երբեք կրօնաւորներու: Այս տիտղոսը տեսակ մը գնահատական էր անձի արժանիքներուն կամ անոր անցած ուղիին եւ, ըստ այդմ՝ ժառանգական չէր: Եղած են նաեւ մի քանի պաշտօնական հայազգի փաշաներ, յատկապէս՝ երբ Թանզիմաթէն (1839) սկսեալ, հայեր ու յոյներ եւս կը նշանակուէին նախարարական պաշտօններու։ Օրինակ համար նշենք Յակոբ Փաշա Գազազեանն ու Միքայէլ Փաշա Փորթուգալը։ Վերջինս՝ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեայ ըլլալու կողքին, նաե՛ւ յարգուած հայագէտ էր, ուսումը ստացած՝ Մխիթարեաններու մօտ։
«Փաշա» տիտղոսին բարձր համարումը (ինչպէս անգլիացիներու մօտ՝ Sir-ը), օսմանեան բազմազգի քաղաքացիները (եւ ո՛չ միայն արեւմտահայերը) մղած է, որ նոյն բառը օգտագործեն նաեւ իբրեւ անպաշտօն պատուանուն՝ իրենց շրջանակներուն մէջ սիրուած ու յարգուած անձերու պարագային։ Երեք նման օրինակ արդէն յիշատակուած են առաջին պարբերութեան մէջ։ Գալով Եգիպտոսի մէջ բարձր պաշտօններու ու հռչակի տիրացած Նուպար եւ անոր զաւակ Պօղոս (Նուպար) փաշաներուն, կը ներէք, չեմ ճշդած եթէ անոնց «փաշա» տիտղոսները Եգիպտոսի փոխարքաներո՞ւն (խըտիվ) կողմէ պաշտօնապէս շնորհուած էին, թէ՞ ժողովրդական յարգանքի նշան։ Կ’ենթադրեմ առաջինը, յատկապէս՝ հօր պարագային։ (Չմոռնանք, որ օսմանցիները Եգիպտոսը նուաճած էին 1517-ին եւ վերջինս թէկուզ անուանապէս մինչեւ 1914 Օսմանեան Պետութեան մաս կը համարուէր։)
«Փաշա» բառը հայերու (առնուազն՝ որոշ արեւմտահայերու) ունեցած է եւ թերեւս կը շարունակէ ունենալ նաեւ աւելի ժողովրդական, փաղաքշական օգտագործութիւն։ Մանկութեանս՝ մօտ կէս դար առաջ, յաճախ հանդիպած եմ երբ ծնողներն ու այլ մեծահասակ ազգականներ ու ծանօթներ իրենց փոքրիկները, յատկապէս՝ մանչերը սիրելու համար «փաշա» բառը կ’օգտագործէին։ Կը յիշեմ հայրեր, որոնք իրենց զաւկին համար «Փաշաս է» կ՛ըսէին։
Իսկ Եգիպտոսի արաբ մեծամասնութեան համար «Փաշա» (իրենց հնչումով՝ Basha) բառը տարածուած յարգալից դիմելաձեւ է մինչեւ օրս, ինչպէս մեր մօտ՝ «պարոն» տիտղոսի «դեմոկրատացումը»՝ երեւի 19րդ դարէն սկսեալ։ Եգիպտացիներն այսօր ոեւէ անծանօթի, ինչպէս օրինակ՝ իրենց յաճախորդներուն, կը դիմեն «Basha» դիմելաձեւով։ Իսկ Թուրքիոյ մէջ, ինչքան գիտեմ, բանակին մէջ General-ի կոչում ունեցողներուն մինչեւ հիմա անպաշտօն կերպով «փաշա» պատուանունով կը դիմեն։
«Պէյ» եւ «Էֆէնտի» տիտղոսներն ալ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ կ’օգտագործուէին հասարակութեան յստակ շերտերու ներկայացուցիչներուն համար եւ, գոնէ կայսրութեան պատմութեան վերջին տասնամեակներուն՝ որեւէ ազգային-կրօնական երանգ չունէին։ 1830-ականներէն սկսեալ, ազգային-կրօնական որեւէ խորհրդանշականութիւն չունէր նաեւ տղամարդոց «ֆէս» տիպի գլխարկ կրելը։ Ֆէսեր սկսան օգտագործել բոլորը՝ իսլամներ, քրիստոնեաներ ու հրեաներ։ Նոյնիսկ երբ Թուրքիոյ մէջ Մուսթաֆա Քէմալը 1925-ին արգիլեց ֆէսի օգտագործումը Թուրքիոյ մէջ, Օսմանեան Պետութենէն անջատուած արաբական երկիրներուն մէջ, աւագ սերունդի իսլամ եւ քրիստոնեայ բազմաթիւ տղամարդիկ երկար ժամանակ շարունակեցին ֆէս կրել (կամ դնել՝ ինչպէս կ’ըսենք Լիբանանի հայերս)։ Անոնցմէ մէկը եղած է մեծ հայրս՝ Գրիգոր Սանճեանը, ծնեալ՝ Մարաշ՝ 1879-ին կամ 1880-ին եւ մահացած՝ Լիբանան, 1960-ին։ Տպաւորութիւնս այն է, որ այս երեւոյթը աստիճանաբար չքացաւ 1970-ականներու սկիզբը, երբ անհետացաւ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ իր պատանեկութիւնն ու վաղ երիտասարդութիւնը անցուցած վերջին սերունդը։
Յ.Գ. Իսկ թէ ինչպէ՞ս (եւ երեւի ի՞նչ հանգրուաններով) հայութիւնն այսօր հասած է այն վիճակին որ մէկը «փաշա» կամ «էֆէնտի» անուանելը, կամ որեւէ երգիծանկարի մէջ անոր գլխուն ֆէս դնելը համազօր կը համարուի այդ անձը նսեմացնելուն կամ անուանարկելուն, այս թեման կարիք ունի իր մասնագէտ պատմաբան-ազգագրագէտին։ Հայ հասարակական մտքի եղափոխութիւնը (evolution) ուսումնասիրելուն մէկ փոքր մասնիկը կ’ըլլայ այդպիսի հետազօտութիւն մը։