Օրերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմին մէջ գլխաւորութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեանին տեղի ունեցած է Հայաստանի Անկախութեան տարեդարձին առթիւ «Հայրապետական մաղթանք»։
Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ Թեմի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ տարածուած հաղորդագրութիւնը՝
Կիրակի, 21 Սեպտեմբեր 2025-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ փառահեղօրէն նշուեցաւ Հայաստանի անկախութեան տօնը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք եւ Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն:
Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, այս առիթով նախագահեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. եւ անմահ Պատարագին, որուն ընթացքին կատարեց Հանրապետական մաղթանք եւ դպիրներու թափօրով խորան բերուած Եռագոյն դրօշի հանդիսաւոր օրհնութիւն, ապա պատգամեց՝ ըսելով, որ հայրենասիրութիւնն գերագոյն երաշխիք է հայրենիքի եւ ազգի ապահով կեցութեան ու բարգաւաճման: Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Ազգ. վարչութեան անդամ Տիար Յովիկ Պետեւեան:
Իր խորհրդածութիւններուն մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յատուկ շեշտեց, որ հայրենասէր ժողովուրդներուն վերապահուած է հայրենիք ունենալու իրաւունքը, ապա մեկնած այս միտքէն, ան բացատրեց, որ հայրենասիրութիւնը ոչ միայն ճակատագրական պահերու մղուած կռիւներն ու նահատակներու թափօրն է, այլեւ ամէնօրեայ կեանքի մէջ, հայ ժողովուրդի զաւակներուն կողմէ մղուած պայքարն է, կարենալ հայօրէն ապրելու եւ հայկական արժէքներն ու հայրենիքի, ազգի եւ ընտանեաց հոգեւոր ու ազգային սրբութեանց տիրութիւն ընելն է եւ ազգային ինքնութիւնը խորհրդանշող հայկական տարրերու ապահով փոխանցումն ու յարատեւումը ապահովելն է:
Իր խօսքը ուղղելով եկեղեցին լեցուցած հաւատացեալ բազմութեան, Գեղամ Արքեպիսկոպոս ըսաւ, որ «դուք բոլորդ հայրենասէր էք, որովհետեւ ձեր մեծերուն ու նախորդներուն պէս ամուր կառչած կը մնաք Հայաստանի եւ հայ ազգի ոգեղէն արժէքներուն եւ անոնց անխաթար շարունակումը կ՛ապահովէք զանոնք փոխանցելով ձեր զաւակներուն՝ իբրեւ հայրենասէր զինուորները Հայ Եկեղեցւոյ, հայոց լեզուին, մշակոյթին ու աւանդութեանց», ապա Հայաստանի անկախութեան տօնէն թելադրուած՝ ան ազգայնաշունչ բարեմաղթութիւններ կատարեց եւ հայրաբար օրհնեց ներկաները: