‼️‼️‼️‼️🇸🇾🇦🇲🇹🇷🇦🇲ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՀԱՅ ԱՌԵՒՏՐԱԿԱՆՆԵՐ ԱՅՑԵԼԱԾ ԵՆ ՀԱԼԷՊԻ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԻՒՊԱՏՈՍԱՐԱՆ
ԱՆՈՆՔ ԸՆԴՈՒՆՈՒԱԾ ԵՆ ՀԱԼԷՊԻ ԸՆԴՀ. ՀԻՒՊԱՏՈՍ ՀԱՔՔԱՆ ՃԵՆԿԻԶԻ ԿՈՂՄԷ
ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԼՈՒՐԸ «ՑՆՑԱԾ» Է ՀԱԼԷՊԱՀԱՅ ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐԸ, ՄԱՆԱՒԱՆԴ ԱՆՈՆՔ, ՈՐ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻՆ ՍՈՒՐԻԱՅԷՆ ԴՈՒՐՍ...
Լուսանկար մը, որ «տակնուվրայ» ըրած է Սուրիահայերը, մանաւանդ այն Հալէպահայերը (յատկապէս), որոնք Սուրիայէն դուրս կ՚ապրին...
Խօսքը խումբ մը հալէպահայ առեւտրականներու Թուրքիոյ Հալէպի հիւպատոսարան այցելութեան մասին է, որ կերպով մը «ցնցած» է հալէպահայերու հոգին...
Շատեր իրենց «բորբոքիլ»ը եւ ջղայնութիւնը արտայայտած են ի տես այս տեսարանին, ուրիշներ ծանր մեղադրանքներ նետած են հալէպահայ գործիչներու հասցէին, շատեր ալ լուռ եւ կը փորձեն անտեսել եղածը։
Ի հարկէ կարծիք ունիմ եղածին վերաբերեալ, որուն մասին կրնամ խօսիլ (կամ չխօսիլ) ապագային, բայց հարցը այստեղ միմիայն մեղադրանքներ թափելը չէ, վիրաւորելը չէ, այլ հոն չըլլալն է, ու տեղւոյն վրայ իրողութիւնները գնահատելու կացութեան մէջ չըլլան է...
Շատ հեշտ է գրել, որ ինչու գացին, կամ թող չերթային, բայց այդքանով չաւարտիր, մանաւանդ, որ շատ լաւ գիտենք, որ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն համար, Հալէպը միշտ ալ եղած է տնտեսական հիմնարար օղակ, հետեւաբար նաեւ հոն առկայ դրամագլուխները, եւ դրամագլուխի մարդիկը կը գտնուին թրքական խոշորացոյցին ներքոյ։
Խելացի վարուելու, լուրջ ըլլալու, շրջահայաց դիտարկելու հարց կայ, բայց այս օրերուն Հայութեան մօտ այդ մօտեցումները նուազագոյն կէտի վրայ են, բոլորիս յայտնի պատճառնեդու բերումով։
Ասկէ անդին ալ եւ մինչեւ այս պահը Հալէպի միութեանական մարմիններ եւ պատասխանատու անձիք լուռ են եղածին մասին, խօսին տեսակ մը, լռեն տեսակ մը...
Այս եւ նման պատկերներ տիրական պիտի ըլլան յառաջիկայ ժամանակներուն եւս... ու տխուրն այն է, որ մենք, որպէս Հայութիւն (քիչ մը ամէն տեղ) այս վիճակներուն դիմաց դեռ պատրաստ ու պատրաստուած չենք։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ՎԱՐՈՒԻԼ ԵՒ Ի՞ՆՉ ԸՆԵԼ... ահա էական հարցազրումը։
Ստորեւ Սուրիոյ մէջ թուրք ընդհանուր հիւպատոս՝ Հաքքան Ճենկիզի եւ հայ առեւտրականներուն միջեւ եղած հանդիպման մասին հրապարակաուած հաղորդագրութիւնը՝
Թրքական հիւպատոսը Հալէպի մէջ՝ Հաքան Ճենկիզ, ընդունեց Հալէպահայ առեւտրականներու պատուիրակութիւն մը։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Հալէպի Առեւտրի պալատի վարչութեան անդամներ՝ Յարութ Չամիչեան, Մուսթաֆա Պարուտի եւ Ամմար Իզզաթ։
🛑 Քննարկուեցան երկիրներուն միջեւ առեւտրական յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու ուղիները։ Ընդգծուեցաւ անհրաժեշտութիւնը՝ պաշտպանելու ու զարգացնելու փոխադարձ շահերը։
🛑 Թրքական հիւպատոսը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ թրքա-հայկական բարեկամական յարաբերութիւններուն։
Աղբիւրը՝ Սագօ Արեանի դիմատետրի էջը