Միասնաբար փրկենք հայերէնը (11)
Մի՛ ըսէք ու գրէք՝
-- ինքզինք> ինքզինքին- ինքզինքէն-ինքզինքով:
Այլ ըսէք ու գրեցէ՛ք՝
-- ինքզինք> ինքնիր-ինքնիրեն- ինքնիրմէ- ինքնիրմով:
Լեզուական գոհար մը
Ի՞նչ կրնայ հետեւեալ բառակոյտը թելադրել ձեր բանականութեան.
--«Ուաշինկթըն կարիքը ունի լիբանանեան բանակին իր աջակցութիւնը ամրապնդելու» («Ազդակ», 9/12/24, էջ 2):
Այս յայտարարութիւնը կը վերագրուի ոչ աւելի, ոչ պակաս՝ ամերիկացի բանագնաց Ամոս Հոքշթայնին :
Խե՜ղճ հայոց լեզու եւ խե՜ղճ Ամերիկա, որ այս օրերուն պիտի հասնէիք:
Սիսեան...
«Փորձանքը երբեք առանձին չի գար»,- կ’ըսէ իմաստուն ֆրանսացին, իմա՝ Նուազի լը Գրանդի աւազակապետը,- ամէն փորձանք կը յաջողի հետը բերել ուրիշ մը, եթէ չբերէ ուրիշնե՜ր. նայած թէ այդ փորձանքին ետին ո՞վ կանգնած է:
Այսպէս կը մտածէի քիչ առաջ՝ կարդալով Մովսէս Ծիրանիի՝ «Ազդակ»-ի 10/12/24-ի թիւի 4-րդ էջը, ուր երեք անգամ գտայ Սիսեան արտառոց ուղղագրութիւնը կրող տեղա-նունը, որ տրուած է ոչ աւելի-ոչ պակաս՝ Սիւնիքի մարզի հազարամեակներու անցեալ ունեցող եւ Սիսիան ուղղագրուող գաւառակին, որ հանրածա-նօթ է, ի շարս ուրիշ յատկանիշերու, ճարտարապե-
տական գոհարով մը, որ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին է:
4.Կրկնաբանութիւնն ու աւելորդաբանութիւնը փակած են մեր լրագրոներէն ոմանց օձիքին, եւ անոնք կը կենակցին հաշտ ու ներդաշնակ, մինչ կարելի էր նուազագոյն ճիգով ու մանաւանդ փշուր մը... ճաշակով ձերբազատիլ անոնցմէ:
Հրամեր էք.
***«Կ’աշխատինք իսրայէլեան գերիշխանութիւնը Այսրյորդանանի վրայ տարածելու վրայ» («Ազդակ», 11/2/2025, էջ 1):
--«Կը ջանանք իսրայէլեան գերիշխանութիւնը տարածել Այսրյորդանանի վրայ»:
***«ՄԱԿ-ը կը շեշտէ իր աջակցութիւնը...համաձայն Թաէֆի համաձայնութ-եան» (անդ):
--«ՄԱԿ-ը կը շեշտէ իր աջակցութիւնը ըստ Թաէֆի համաձայնութեան:
***Առաջնահերթութիւնս ելեւմուտքի նախարարը ընկերային պաշտպանութ-եան վրայ ծախսերը աւելցնելու համոզելն է, որովհետեւ Լիբանանի մէջ ապահովութեան ցանցերու վրայ ծախսը համաշխարհային մակարդակի վրայ ամէնէն ցածն է (անդ, էջ 2):
--«Նախ պիտի համոզեմ ելեւմուտքի նախարարը՝ աւելցնելու ընկերային պաշտպանութեան ծախսերը, որովհետեւ Լիբանանի մէջ ապահովութեան ցանցերու ծախսը համաշխարհային առումով ամէնէն ցածն է»:
***Կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի կէտերը ծանօթ են, եւ երդման ճառը հիմնարար փաստաթուղթ է եւ այդ ծրագիրին հիմը պիտի ըլլայ» (անդ):
--«Կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի կէտերը ծանօթ են, ուստի երդման ճառը հիմնարար փաստաթուղթ է եւ այդ ծրագիրին հիմը պիտի ըլլայ» (անդ):
***Միացեալ Նահանգները յանձնառու են սերտ կերպով միասնաբար աշխա-տելու...(անդ):
--«Միացեալ Նահանգները յանձնառու են սերտօրէն աշխատակցելու»:
5. Մօտ
Այս անէծքը յամառօրէն կը շարունակէ հալածել մեզ՝ գլուխ ցցելով քիչ մը ամէն տեղ եւ ամէն ատեն: Ան երբեմն ներածուած է արեւելահայերէնէն, շատ յաճախ ալ արեւմտահայ արտադրութիւն է. ստորեւ հատուկենտ նմուշներ նորագոյն կիրարկութիւններէ.
***«Ժողովրդի մօտ իշխանափոխութեան պահանջ կայ» («Ասպարէզ», 10/12/24):
Հայերէն պիտի ըսէինք՝ «Ժողովուրդը իշխանափոխութիւն կը պահանջէ :
--«Այս բացասական պատկերը ընդվզում կը ստեղծէ ընթերցողին մօտ» «Արարատ», 10/12/2024, էջ 2):
«Այս բացասական պատկերը ընդվզում կը պատճառէ ընթերցողին մօտ»:
Կամ պարզապէս՝ «Այս բացասական պատկերը կ’ընդվզեցնէ ընթերցողը»:
***«[Այդ տմարդի արարքը] Շահնուրի մօտ ստեղծեց հայութեան նկատմամբ խորշանք մը» (անդ):
--Այսինքն՝ «Շահնուրի մէջ ստեղծեց...»:
***Սուրիոյ մէջ բնակող հայերու մօտ սպասողական վիճակ կը տիրէ» (Յուսաբեր, 10/12/24):
--Այսինքն՝ «Սուրիահայերը սպասողական վիճակ ունին»:
***Հայոց մօտ տիրող տրամադրութիւնները...(անդ):
--«Հայերու մէջ տիրող տրամադրութիւնները»:
Կամ պարզապէս՝ « Հայերու տրամադրութիւնները»:
***«Բոլորորին մօտ սպասողական վիճակ կը տիրէ» (անդ):
--Այսինքն՝ «Բոլորը սպասողական վիճակ ունին»:
***«Օլիգարխի մօտ վարձու խմբագիր աշխատած Սիմոնեանը...»(անդ):
--«Սակաւապետի մօտ իբրեւ վարձու խմբագիր ծառայած Սիմոնեանը...»:
* * *
***Ազգային առաջնորդարանները պարտին կրթութիւնն ու աւանդութիւն-ները աւելի մատչելի դարձնել նոր սերունդին մօտ («Ազատ օր», 10/2/2025):
--«Ազգային առաջնորդարանները պարտին կրթութիւնն ու աւանդութիւն-ները աւելի մատչելի դարձնել նոր սերունդին» մօտ:
Մրցոյթ 10.
***Փոխարինել թէեւ-ը աւելի յարմար շաղկապով մը:
---Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը. ան որ ինծի հաւատայ, թէկուզ (եթէ նոյնիսկ) մեռնի՝ պիտի ապրի (Յովհաննու, 11/25):
***Դուն ինչպէ՞ս պիտի ըսէիր հետեւեալը.
---Ոչ ոք իրաւոնք ունի մսխելու իւրաքանչիւր դահեկանը, որ կը հաւաքուի:
***Հետեւեալին մէջ բառային ի՞նչ փոփոխութիւն կ’ընես.
---Այսպիսիվ անոնք կրնան մէկ քարով երկու թռչուն որսալ («Ազդակ», 29/1/2025, էջ 8):
***Փորձէ աւելի ճիշդ շարադասել հետեւեալը.
---Նախարարը իր հետ կը բերէ Եգիպտոսի նախագահ Սիսիի՝ նախագահ Ժոզեֆ Աունին ուղղուած նամակը («Ազդակ», 31/1/2025, էջ 2): :
*** Ո՞ր բառը կը փոխես՝ աւելի բարեհունչ դարձնելու համար հետեւեալը.
---Վարչապետը զգուշացուցած է, թէ որ եթէ Հայաստան անդամակցի ԵՄ-ին, կը կորսնցնէ ռուսական շուկան:
Ճիշդ պատասխնած են՝ Գէորգ Եազըճեան (9), Ցոլակ Ապտալեան (8), Համբարձում Յարթունեան (7), Գեղամ Խաչատրեան (8), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (7), Պերճ Տէր Սահակեան (7), Եփրեմ Թոքճեան (8):
Մրցոյթ 11.
***Կրնա՞ս աւելի յարմար շաղկապով մը փոխարինել մինչդեռ-ը:
---Պայտընի վարչակազմը վերապահ գտնուած էր Կազայի բնակչութեան հեռացման, մինչդեռ Եգիպտոսի կտրուկ հակազդեցութիւնը ի վերջոյ յանգեցու-ցած էր այդ գաղափարի կասեցման։
***Հետեւեալէն բառ մը փոփոխութեան կը կարօտի.
---Կինը աշխարհ չէ եկած մինակ հաճոյքի համար (Զ. Եսայեան):
***Ջնջել աւելորդաբանութիւնները:
---Վարչապետը վերահաստատեց Քաթարի՝ Լիբանանին կազ մատակա-րարելու հարցին մէջ յանձնառութիւնը:
---Նախագահին խորհրդականը իր օրը անցուցած է Ֆլորիտայի մէջ գտնուող հրամանատարական կեդրոնին մէջ:
***Հետեւեալ երկուքէն ո՞րը աւելի ճիշդ կը հնչէ.
---Օտար բարքերը աւելի հմայիչ բնոյթ ունենալով՝ արագօրէն կ’ընկալուին:
---Օտար բարքերը աւելի հմայիչ բնոյթ ունենալով՝ արագօրէն կ’ընկալենք:
***Ջնջէ՛ զոյգ թաւագիրներէն (bold) սխալը.
---Քաթար հաստատած է իր՝ Լիբանանին աջակցող/աջակցելու եւ անոր ժողովուրդին կողքին կանգնող/կանգնելու դիրքորոշումը:
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com