image
Հրատապ լուրեր:

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (11)

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (11)

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (11)

  1. Մի՛ ըսէք ու գրէք՝ 

-- ինքզինք>   ինքզինքին-               ինքզինքէն-ինքզինքով:

Այլ ըսէք ու գրեցէ՛ք՝

-- ինքզինք>   ինքնիր-ինքնիրեն-  ինքնիրմէ-  ինքնիրմով:

  1. Լեզուական գոհար  մը

Ի՞նչ կրնայ հետեւեալ բառակոյտը թելադրել  ձեր բանականութեան.

--«Ուաշինկթըն  կարիքը ունի լիբանանեան բանակին իր աջակցութիւնը ամրապնդելու» («Ազդակ», 9/12/24, էջ 2):

Այս յայտարարութիւնը կը վերագրուի ոչ աւելի, ոչ պակաս՝ ամերիկացի բանագնաց Ամոս Հոքշթայնին :

  Խե՜ղճ  հայոց լեզու եւ խե՜ղճ Ամերիկա, որ այս օրերուն պիտի հասնէիք:

  1. Սիսեան... 

«Փորձանքը երբեք առանձին չի գար»,- կ’ըսէ  իմաստուն ֆրանսացին, իմա՝ Նուազի լը Գրանդի աւազակապետը,- ամէն փորձանք կը յաջողի հետը բերել ուրիշ մը, եթէ չբերէ ուրիշնե՜ր. նայած թէ այդ փորձանքին ետին ո՞վ կանգնած է:

Այսպէս կը մտածէի քիչ առաջ՝ կարդալով Մովսէս Ծիրանիի՝ «Ազդակ»-ի 10/12/24-ի թիւի 4-րդ էջը,  ուր երեք անգամ գտայ Սիսեան  արտառոց ուղղագրութիւնը  կրող տեղա-նունը, որ տրուած է  ոչ աւելի-ոչ պակաս՝ Սիւնիքի մարզի հազարամեակներու  անցեալ ունեցող եւ  Սիսիան  ուղղագրուող գաւառակին, որ հանրածա-նօթ է, ի շարս ուրիշ յատկանիշերու,   ճարտարապե-

տական գոհարով մը, որ  Սուրբ  Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին է:

4.Կրկնաբանութիւնն ու աւելորդաբանութիւնը փակած են մեր լրագրոներէն ոմանց օձիքին,  եւ անոնք կը կենակցին հաշտ ու ներդաշնակ, մինչ  կարելի էր նուազագոյն ճիգով ու մանաւանդ փշուր մը...  ճաշակով ձերբազատիլ անոնցմէ:

Հրամեր էք.

***«Կ’աշխատինք իսրայէլեան գերիշխանութիւնը Այսրյորդանանի վրայ տարածելու վրայ» («Ազդակ», 11/2/2025, էջ 1): 

--«Կը ջանանք  իսրայէլեան գերիշխանութիւնը տարածել Այսրյորդանանի  վրայ»:

***«ՄԱԿ-ը կը շեշտէ իր աջակցութիւնը...համաձայն Թաէֆի համաձայնութ-եան» (անդ):

--«ՄԱԿ-ը կը շեշտէ իր աջակցութիւնը ըստ Թաէֆի համաձայնութեան:

***Առաջնահերթութիւնս ելեւմուտքի նախարարը ընկերային պաշտպանութ-եան վրայ ծախսերը աւելցնելու համոզելն է, որովհետեւ Լիբանանի մէջ ապահովութեան ցանցերու վրայ ծախսը համաշխարհային մակարդակի վրայ ամէնէն ցածն է (անդ, էջ 2):

--«Նախ պիտի համոզեմ ելեւմուտքի նախարարը՝ աւելցնելու ընկերային պաշտպանութեան ծախսերը, որովհետեւ Լիբանանի մէջ ապահովութեան ցանցերու  ծախսը համաշխարհային առումով ամէնէն ցածն է»: 

***Կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի կէտերը ծանօթ են, եւ երդման ճառը հիմնարար փաստաթուղթ է եւ այդ ծրագիրին  հիմը պիտի ըլլայ» (անդ):

--«Կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի կէտերը ծանօթ են, ուստի  երդման ճառը հիմնարար փաստաթուղթ է եւ այդ ծրագիրին  հիմը պիտի ըլլայ» (անդ):

***Միացեալ Նահանգները յանձնառու են սերտ կերպով միասնաբար աշխա-տելու...(անդ):

--«Միացեալ Նահանգները յանձնառու են սերտօրէն աշխատակցելու»:

5. Մօտ

Այս անէծքը յամառօրէն կը շարունակէ հալածել մեզ՝ գլուխ ցցելով քիչ մը ամէն տեղ եւ ամէն ատեն: Ան երբեմն ներածուած է արեւելահայերէնէն,  շատ յաճախ ալ  արեւմտահայ արտադրութիւն է. ստորեւ հատուկենտ  նմուշներ նորագոյն կիրարկութիւններէ.

***«Ժողովրդի մօտ իշխանափոխութեան պահանջ կայ» («Ասպարէզ», 10/12/24):

Հայերէն պիտի ըսէինք՝ «Ժողովուրդը իշխանափոխութիւն կը պահանջէ :

--«Այս բացասական պատկերը ընդվզում կը ստեղծէ ընթերցողին մօտ» «Արարատ», 10/12/2024, էջ 2):

«Այս բացասական պատկերը ընդվզում կը պատճառէ  ընթերցողին մօտ»:

Կամ պարզապէս՝ «Այս բացասական պատկերը կ’ընդվզեցնէ ընթերցողը»:

***«[Այդ տմարդի արարքը] Շահնուրի մօտ ստեղծեց  հայութեան նկատմամբ խորշանք մը» (անդ): 

--Այսինքն՝ «Շահնուրի մէջ ստեղծեց...»:

***Սուրիոյ մէջ բնակող հայերու մօտ սպասողական վիճակ կը տիրէ» (Յուսաբեր, 10/12/24):

--Այսինքն՝ «Սուրիահայերը սպասողական վիճակ ունին»:

***Հայոց մօտ տիրող տրամադրութիւնները...(անդ):

--«Հայերու մէջ տիրող տրամադրութիւնները»:

Կամ պարզապէս՝   « Հայերու տրամադրութիւնները»:

***«Բոլորորին մօտ սպասողական վիճակ կը տիրէ» (անդ):

--Այսինքն՝ «Բոլորը սպասողական վիճակ ունին»:

***«Օլիգարխի մօտ վարձու խմբագիր աշխատած Սիմոնեանը...»(անդ):

--«Սակաւապետի  մօտ իբրեւ վարձու խմբագիր ծառայած Սիմոնեանը...»:

*   *   *

***Ազգային առաջնորդարանները պարտին կրթութիւնն ու աւանդութիւն-ները աւելի մատչելի դարձնել նոր սերունդին մօտ («Ազատ օր», 10/2/2025):

--«Ազգային առաջնորդարանները պարտին կրթութիւնն ու աւանդութիւն-ները աւելի մատչելի դարձնել նոր սերունդին»  մօտ: 

Մրցոյթ 10.

***Փոխարինել թէեւ-ը աւելի յարմար շաղկապով մը:

---Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը. ան որ ինծի հաւատայ, թէկուզ  (եթէ նոյնիսկ)  մեռնի՝ պիտի ապրի (Յովհաննու, 11/25):

***Դուն ինչպէ՞ս պիտի ըսէիր հետեւեալը.

---Ոչ ոք իրաւոնք ունի մսխելու իւրաքանչիւր դահեկանը, որ կը հաւաքուի:

***Հետեւեալին մէջ բառային ի՞նչ փոփոխութիւն կ’ընես.

---Այսպիսիվ անոնք կրնան մէկ քարով երկու թռչուն որսալ («Ազդակ», 29/1/2025, էջ 8):

***Փորձէ աւելի ճիշդ շարադասել հետեւեալը.

---Նախարարը իր հետ կը բերէ Եգիպտոսի նախագահ Սիսիի՝  նախագահ Ժոզեֆ Աունին ուղղուած  նամակը («Ազդակ», 31/1/2025, էջ 2): :

***  Ո՞ր բառը կը փոխես՝ աւելի բարեհունչ դարձնելու համար հետեւեալը.

---Վարչապետը զգուշացուցած է, թէ որ եթէ Հայաստան անդամակցի ԵՄ-ին, կը կորսնցնէ ռուսական շուկան:

Ճիշդ պատասխնած են՝ Գէորգ Եազըճեան (9), Ցոլակ Ապտալեան (8), Համբարձում Յարթունեան (7), Գեղամ Խաչատրեան (8), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (7), Պերճ Տէր Սահակեան (7),  Եփրեմ Թոքճեան (8):

Մրցոյթ 11.

***Կրնա՞ս աւելի յարմար շաղկապով մը փոխարինել  մինչդեռ-ը:

---Պայտընի վարչակազմը վերապահ գտնուած էր Կազայի բնակչութեան հեռացման,  մինչդեռ Եգիպտոսի կտրուկ հակազդեցութիւնը ի վերջոյ յանգեցու-ցած էր  այդ գաղափարի կասեցման։

***Հետեւեալէն բառ մը փոփոխութեան կը կարօտի.

---Կինը աշխարհ չէ եկած մինակ հաճոյքի համար (Զ. Եսայեան):

***Ջնջել աւելորդաբանութիւնները:

---Վարչապետը վերահաստատեց Քաթարի՝ Լիբանանին կազ մատակա-րարելու հարցին մէջ յանձնառութիւնը:

---Նախագահին խորհրդականը իր օրը անցուցած է Ֆլորիտայի մէջ գտնուող հրամանատարական կեդրոնին մէջ:

***Հետեւեալ երկուքէն ո՞րը աւելի ճիշդ կը հնչէ.

---Օտար բարքերը աւելի հմայիչ բնոյթ ունենալով՝ արագօրէն կ’ընկալուին: 

---Օտար բարքերը աւելի հմայիչ բնոյթ ունենալով՝ արագօրէն կ’ընկալենք:

***Ջնջէ՛  զոյգ  թաւագիրներէն (bold)  սխալը.

---Քաթար հաստատած է իր՝ Լիբանանին  աջակցող/աջակցելու եւ անոր ժողովուրդին կողքին կանգնող/կանգնելու դիրքորոշումը: 



Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com