«Արեւելք»ի աղբիւրէն վերահասու կը դառնանք, որ Կիպրոսի Ողիմպիական Յանձնախումբի որոշմամբ Կիպրահայ դահուկարշաւի մարզիկ Եաննոս Գույումճեան, պիտի ըլլայ միակ մարզիկը , որ պիտի ներկայացնէ Կիպրոսը, Փեքինի 2022-ի Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղերուն, որ տեղի կ՛ունենան 4-էն 20 Փետրուար։
Ողիմպիական Պալատին մէջ՝ Կիպրոսի Ողիմպիական Յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, Կիպրոսի մէջ՝ Չինաստանի դեսպան Լիու Եանթաօ, Գույումճեանին յաջողութիւն մաղթեց։
Եաննոս Գույումճեան պիտի մրցի Կիրակի Փետրուար 13-ին եւ Չորեգշաբթի Փետրուար 16-ին։
Կիպրոսի Ձիւնարշաւի Ֆետերասիոնի նախագահ Տինոս Լեֆկարիտիս յայտնեց՝ «Մենք հպարտ ենք Ֆետերասիոնի տարած գործով եւ հպարտ ենք Եաննոս Գույումճեանով»։
Դահուկարշաւի մարզիկը, մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց թէ իր նպատակն է տալ իր ամենալաւը։ Գույումճեան 25 տարեկան է եւ Նիկոսիոյ Ձիւնարշաւի Ակումբի անդամ։
2008-էն ի վեր, ան անդամ է Կիպրոսի Դահուկարշաւի Ազգային Խումբին եւ ձեռք ձգած է բազմաթիւ ախոյեանութիւններ, բոլոր տարիքային մակարդակներու վրայ։ Փեքինի Ողիմպիական Խաղերուն, Եաննօն պիտի մասնակցի Ալպեան Սքի-ի մարզաձեւին մէջ, Slalom եւ Giant Slalom մրցումներուն։
Կ՛արժէ նշել, որ Եաննոս Գույումճեան կը շարունակէ իր ընտանեկան աւանդութիւնը, քանի որ իր մայրը՝ Լինան, 1980-էն 1984, դահուկարշաւի մրցաշարքերու ընթացքին, մի քանի անգամ ներկայացուցած է Կիպրոսը, Եւրոպական եւ միջազգային խաղերու, Սարայէվոյի եւ Նիւ Եորքի Lake Placid-ի մէջ։