ԱՄՆ 2023 ֆինանսական տարուան վերջնական յատկացումներու օրինագիծը կը նախատեսէ 60 միլիոն տոլարի օգնութիւն Հայաստանին եւ 2 միլիոն տոլար՝ Արցախի մէջ ականազերծման համար: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ, այս մասին յայտնած է Ամերիկայի հայկական համագումարը:
«Եզրափակիչ զեկոյցին մէջ ըսուած է, որ համաձայնագիրը կը ներառէ ոչ պակաս, քան 60 միլիոն ԱՄՆ տոլար Հայաստանի համար աջակցութիւն, ներառեալ՝ տնտեսական զարգացման, մասնաւոր հատուածի արտադրողականութեան, ուժանիւթային անկախութեան, ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան աջակցութեան ծրագրեր:
Նշուած է, որ համաձայնագիրը կը նախատեսէ տրամադրել 2 միլիոն ԱՄՆ տոլար՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութենէն տուժած տարածքներուն մէջ «մարդասիրական ականազերծման եւ չպայթած զինամթերքի մաքրման աշխատանքներու համար», - նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: