Երկու երկիրները համաձայնութեան եկած են, որ յարաբերութիւնները չեն կրնար պատանդ ըլլալ սպանութեան յանցագործութեան», յատկապէս հաշուի առնելով այն մեծ փոփոխութիւնները, որուն աշխարհը ականատես եղած է անցեալ Փետրուարին սկսած Ուքրաինիոյ մէջ ռուսական ռազմական գործողութենէն յետոյ:
CNN-ը կը հաղորդէ, որ «ամերիկեան բարձրաստիճան պաշտօնեաները Սէուտական Արաբիոյ ըսած են, որ ԱՄՆ պատրաստ է առաջ շարժելու երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները վերականգնելու եւ 2018 թուականին սէուտցի լրագրող Ճամալ Խաշըքճիի սպանութիւնը շրջանցելու հարցով», որպէսզի վերականգնէ յարաբերութիւնները Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հիմնական դաշնակիցին հետ:
CNN-ը, վկայակոչելով ԱՄՆ բարձրաստիճան պաշտօնեաները, կը մատնանշէ, որ «յարաբերութիւնները վերականգնելու ծրագրաւորումը ուշագրաւ տեղաշարժ է ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի համար, որ իր պաշտօնը ստանձնած էր` խոստանալով Խաշըքճիի սպանութեան պատճառով Սէուտական Արաբիան անտեսել»:
Անցեալ տարի Պայտընի վարչակազմը հրապարակած էր հետախուզական զեկոյց մը, ուր ուղղակիօրէն կը մեղադրէր Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգ Մոհամմատ Պըն Սալմանը Խաշըքճիի սպանութեան կազմակերպման մէջ:
ԱՄՆ-ի պաշտօնեաները նշած են, որ Պայտընը, 1981-էն ի վեր ամենաարագ ձեւով աճող սղաճի լոյսին տակ, Ռուսիան ճնշելու եւ կազի ներքին գիները նուազեցնելու հսկայական ճնշման տակ, «մէկ կողմ թողած է իր բարոյական զայրոյթը` շարունակելու աւելի ջերմ յարաբերութիւններ Սէուտական Արաբիոյ հետ, համաշխարհային ցնցումներու պայմաններուն մէջ, Ուքրանիոյ մէջ ռուսական ռազմական գործողութեան պատճառով:
Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեան բացատրած է, որ «Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու համար ԱՄՆ-ն եւ Սէուտական Արաբիան որոշած են շրջանցել Խաշըքճիի սպանութեան հարցը:
Նոյն աղբիւրները CNN-ին նշած են, որ «այդ չի նշանակեր ներել եւ մոռնալ Խաշըքճիի սպանութեան մասին», բացատրելով որ «Պայտըն կը ծրագրէ Խաշըքճիի սպանութեան մասին ուղղակիօրէն բարձրաձայնել Պըն Սալմանի հետ, երբ անոնք հանդիպին յաջորդ ամիս»:
Ըստ ամերիկացի պաշտօնեաներուն խօսքերուն. «Պայտընի եւ Պըն Սալմանի հետ հանդիպման որոշումը Պայտընի համար դժուար կլլուող դեղամիջոց է, որ 2019-ին ըսաւ, որ «Սէուտական Արաբիան փոխհատուցող ընկերային արժէք չունի», բայց անոնք միւս կողմէ ըսին, որ «երկու երկիրները համաձայնութեան եկած են, որ յարաբերութիւնները չեն կրնար պատանդ ըլլալ սպանութեան յանցագործութեան», յատկապէս հաշուի առնելով այն մեծ փոփոխութիւնները, որուն աշխարհը ականատես եղած է անցեալ Փետրուարին սկսած Ուքրաինիոյ մէջ ռուսական ռազմական գործողութենէն յետոյ: