image

Մհեր Գրիգորեան Թոյվօ Քլաար հանդիպեցան. Օրակարգին եղած է Երասխ-Ճուլֆա-Մեղրի-Հորատիզ երկաթուղային հաղորդակցութեան հարցը

Մհեր Գրիգորեան Թոյվօ  Քլաար հանդիպեցան. Օրակարգին եղած է Երասխ-Ճուլֆա-Մեղրի-Հորատիզ երկաթուղային հաղորդակցութեան հարցը

Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան ընդունած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը: Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Անտրէա Վիքթորինը:

Զրուցակիցները քննարկած են տարածաշրջանային զարգացումները, այդ շարքին՝ Երասխ-Ճուլֆա-Մեղրի-Հորադտիզ երկաթուղային հաղորդակցութեան վերականգնման եւ կազմակերպման հեռանկարները, սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի հետագայ աշխատանքներու հետ կապուած հարցեր: