Լիբանանեան ֆիլմաշարերու յայտնի դերասանուհի Նատին Նըժէյմ, որ Պէյրութի պայթումին հետեւանքով վիրաւորուած ու հիւանդանոց փոխադրուած է հանդէս եկած է կարճ գրառումով։
Դերասանուհին գրած է «Փառք կու տամ Աստծոյ, որ փրկուեցայ այս պայթումէն եւ ինծի առիթ տուաւ որպէսզի շարունակեմ կեանքս զաւակներուս հետ ... շնորհակալութեան մեծ խօսք նաեւ իմ բժիշկներուս եւ հիւանդապահներուն, որոնք փրկեցին իմ կեանքս։ Շատ ցաւոտ իրականութիւն մը կայ, որուն համաձայն լիբանանցիք կը միաւորուին միայն տառապանքի ժամանակ...» գրած է Նատին Ալ Ռասի։