Օրերս, Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան Խնամակալութեան եւ Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի Ծնողաց յանձնախումբի ներկայացուցիչներ այցելութիւն տուած են թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին։
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Բերիոյ Թեմի դիմատետրեան էջէն, որ այս մասին կը գրէ՝
Երեքշաբթի, 5 Նոյեմբեր 2024-ի առաւօտուն, Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան Խնամակալութեան ներկայացուցիչները այցելեցին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս։
Խնամակալութեան ատենապետ տիար Կարպիս Պարտաքճեան անդրադարձաւ Կրթասիրացի հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններուն։ Ան խնդրեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութիւնը Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան եւ Կրթասիրաց վարժարանի հիմնադրութեան 100-ամեակի Յոբելինական հանդիսութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 22 Դեկտեմբեր 2024-ին, Միութեան «Զ. Գաբրիէլեան» սրահէն ներս։
Ապա, Սրբազան Հօր այցելեցին Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի Ծնողաց յանձնախումբի ներկայացուցիչները։
Յանձնախումբի ատենապետ տիկ. Էլզա Ասլան-Պիլէմճեան խնդրեց Սրբազան Հօր հովանաւորութիւնը Ամանորեայ ցուցահանդէսին, որ տեղի պիտի ունենայ 6-8 Դեկտեմբեր 2024-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս։
Մակար Սրբազան իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, գնահատեց Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան Խնամակալութեան եւ Կրթասիրաց Ս. Չ. Երկրդ. Վարժարանի Ծնողաց յանձնախումբի անդամները եւ կատարեալ յաջողութիւն մաղթեց անոնց յառաջիկայ գործունէութիւններուն։