image
Հրատապ լուրեր:

Մետվետեւ վստահ է, որ Ռուսիան պիտի յաղթանակէ

Մետվետեւ վստահ է, որ Ռուսիան պիտի յաղթանակէ

Ռուսիան պատուով դուրս կու գայ փորձութիւններէն եւ կը հասնի յաղթանակի, վստահ է Ռուսիոյ Դաշնութեան Անվտանգութեան խորհուրդի ղեկավարի տեղակալ, «Ետինայա Ռոսիա»-ի նախագահ Տմիթրի Մետվետեւը, հաղորդած է ԹԱՍՍ-ը:

«Մենք կ՚ապրինք ծանր, տրամաթիք ժամանակներ, աջակցեցէք ձեր սիրելիներուն, մենք պէտք է աջակցինք մեր տղաներուն, որոնք կը պաշտպանեն երկիրը:

Սա փորձութիւն է երկրի համար. բայց մենք, ի հարկէ, պատուով դուրս կու գանք անկէ։ Եւ կասկած չկայ, որ յաղթանակն իսկապէս մերը պիտի ըլլայ»,- Սահմանադրութեան օրուան ընդառաջ դպրոցականներու ու ուսանողներու հետ հանդիպման ըսած է ան։