image

Մեծն Հրաչեայ Աճառեանի յուշաքանդակը վերականգնուած՝ պոլսահայերու ջանքերով

 Մեծն Հրաչեայ Աճառեանի յուշաքանդակը վերականգնուած՝ պոլսահայերու ջանքերով

Եօթանասուն տարի առաջ՝ 1953 թուականի ապրիլին Երեւանի մէջ կեանքէն հեռացաւ մեծանուն հայ լեզուաբան, բառարանագիր, մեծ պոլսահայ գործիչ Հրաչեայ Աճառեան: Անոր յուղարկաւորեցին Երեւանի Կեդրոնական գերեզմանատունին մէջ, որ յայտնի է Թոխմախի գերեզմանոց անունով, եւ ուր նոյնպէս հայ մշակոյթի, արուեստի, գիտութեան շատ մեծեր կան յուղարկաւորուած, ինչպէս՝ Կոմիտասի անուան Պանթէոնին մէջ: Սակայն իշխանութիւնները այդ ժամանակ շատ թուլակամ գտնուեցան եւ յուշաքար կամ գերեզմանաքար նոյնիսկ չդրին նուիրեալ հայագէտին եւ համաշխարհային մակարդակով ճանչցուած մեծ գիտնականի շիրիմին: Այդ աշխատանքները կատարած է Աճառեանի կինը՝ Սոֆիկը, ի յիշատակ իր սիրեցեալ ամուսինին: Սոֆիկ նաեւ պատուիրած է Աճառեանի անագապղնձեայ (պրոնզեայ) դիմաքանդակը, որ դրուած է շիրմաքարին վրայ: Բաւականին երկար տարիներ Աճառեանին գերեզմանաքարը պահպանուած էր այնպէս, ինչպէս կինը շինել տուած է: Այն ուխտավայր էր հայոց լեզուն պաշտողներուն, Աճառեանի վաստակը գնահատողներուն, բազմաթիւ սփիւռքահայերու համար, որոնք այցելելով, իրենց յարգանքը կը մատուցէին Պոլիսէն հայրենիք փոխադրուած մեծ հայուն:

Տարիներ առաջ՝ 2010-ականներուն, սակայն պղծումի ենթարկուած է Աճառեանի գերեզմանը. շիրմաքարին վրայ դրուած յուշաքանդակը, թանկարժէք մետաղ ըլլալով, գողցուած է… Աւելի քան 8 քիլօկրամ կշռող մետաղեայ ձուլուածք մըն էր այդ մէկը, որ յայտնուած է մետաղագողներու ուշադրութեան թիրախին տակ: Հակառակ մտաւորականութեան ներկայացուցիչներու եւ Աճառեանի ժառանգներու կատարած բազում բողոքներուն, ոչ միայն չեն գտնուած գողերը, այլեւ՝ կառավարական կառոյցներու կողմէ չէ վերականգնուած պղծուած գերեզմանը: Տասը տարիէն աւելի Աճառեանի գերեզմանը կը ներկայանար առանց դիմաքանդակի, կոպիտ ձեւով կ՚երեւնային քակուած քանդակին անցքերը, եւ այդ տեսարանը վայել չէր հայ լեզուաբանութեան ամենամեծ դէմքին: Այդ մէկը անարգանք էր նաեւ մարդու մը յիշատակին, որ իր ապրած տարիներուն արդէն իսկ ենթարկուած էր հալածանքի, բռնութեան, աքսորի, բանտարկութեան… Յետմահու կատարուած այդ արարքը կու գար բազմապատկելու Աճառեանի հանդէպ եղած խորհրդային դաժանութիւնը: Ցաւալի է, սակայն, որ այս մէկը տեղի ունեցաւ անկախ Հայաստանի մէջ, ուր, կը թուի, թէ լաւագոյն կերպով պիտի արժեւորուին մեր մեծերը, ազգային արժէքներու հանդէպ ակնածանք մը պիտի ըլլայ… Սակայն միշտ չէ, որ այդպէս է…

Օրերս Հրաչեայ Աճառեանի ընտանիքի տարածած մէկ հաղորդագրութենէն տեղեկացանք, որ վերջապէս վերականգնուած է Հրաչեայ Աճառեանի գերեզմանին վրայի դիմաքանդակը, դրուած է նորը, որ մարմարեայ ըլլալով, ոչ մէկ ձեւով կը տարբերի այն նոյն դիմաքանդակէն, որ մօտաւորապէս եօթանասուն տարի առաջ շինել տուած է Աճառեանի կինը: Այս բարերարութիւնը ըրած են պոլսահայ երկու գործիչներ՝ Տիգրան Ալթունը եւ Սեզար Աւետիքեանը: Անոնք, տեղեակ ըլլալով, որ անուանի պոլսահային շիրմաքարը այդպիսի վիճակ մը ունի, ընդհանուր ծանօթի մը միջոցով գտած են ընտանիքը եւ յայտնած իրենց փափաքին մասին: Ի վերջոյ, դիմաքանդակը Թոխմախի գերեզմանատունը գտնուող Աճառեաններու ընտանեկան գերեզմանոցին մէջ դրուած է Աճառեանի ծննդեան օրուան նախօրեակին՝ այս տարուայ մարտի 7-ին:

ԺԱՄԱՆԱԿ անմիջապէս կապ հաստատեց Հրաչեայ Աճառեանի անուանակից թոռան՝ Հրաչեայ Աճառեանին հետ, որ մեզի մանրամասնութիւններ փոխանցեց այս դէպքին առընչութեամբ: Ան ըսաւ, որ իր մեծ մայրը ժամանակին նոյն դիմաքանդակէն պատուիրած է երկու հատ, այն նպատակով, որ մէկը դրուի շիրմաքարին վրայ, միւսը՝ եթէ երբեւէ բացուի Աճառեանի տուն-թանգարանը, ապա դրուի թանգարանի մուտքին կամ անոր ներսը: Սոֆիկ Աճառեան մեծ ցանկութիւն ունէր, որ Երեւանի մէջ ըլլայ նման թանգարան, քանի որ Աճառեան իր ողջ կեանքը նուիրուած է հայագիտութեան, հայոց լեզուի ուսումնասիրութեան, գրած է կոթողային աշխատութիւններ, որոնք մեր լեզուի պատմութեան ամենէն արժէքաւոր ուսումնասիրութիւններն են: Սակայն տուն-թանգարանը այդպէս ալ չէ բացուած, եւ միւս դիմաքանդակը մնացած է ժառանգներուն քով: Աճառեանի թոռը ըսաւ, որ ինք հակառակ այն հանգամանքին, որ յոյսեր չունի, թէ տուն-թանգարանը երբեւէ կը բացուի, քանի որ մեր երկրին մէջ գիտնականի մը տուն-թանգարան չկայ, ամէն պարագայի կը պահէ այդ դիմաքանդակը: Մէկ կողմէ մտածած է այդ քանդակը դնել գերեզմանէն գողցուած քանդակին տեղը, սակայն վստահ եղած է, որ այն ալ առաջինի ճակատագրին պիտի արժանանար: Միւս կողմէն ալ կար իր մեծ մօր փափաքը, եւ ան այնուամենայնիւ, պահած է քանդակը… Այդ երկրորդ օրինակին հիման վրայ ալ պոլսահայերու բարերարութեամբ քանդակուած է այսօրուան մարմարեայ դիմաքանդակը, որուն տեղադրումը անչափ ուրախութիւն պատճառած է թէ՛ ընտանիքին, թէ՛ Աճառեանի մեծութիւնը գնահատողներուն: Հրաչեայ Աճառեան ըսաւ, որ ինք չէր ճանչնար բարերարները, տեղեակ չէ եղած անոնց այդ փափաքին մասին, եւ այս ամէն ինչը անակնկալ եղած է նաեւ իրե՛ն համար:

Հայ մեծերու գերեզմաններուն պղծումը նորութիւն չէ մեր իրականութեան մէջ: Ցաւալի այս երեւոյթը տակաւին կը շարունակուի: Մետաղներու առուտուրով զբաղողները չեն ճանչնար ո՛չ յիշատակ, ո՛չ անուն: Անոնք իրենց ճանապարհին հանդիպած ամէն թանկարժէք մետաղի կ՚ուզեն տիրանալ եւ սեւ շուկային մէջ վաճառել զանոնք՝ ապահովելով եկամուտներ, երբեմն ալ՝ միայն օրուան հաց: Իրաւապահներուն չի յաջողիր բռնել մանր ու մեծ այս յանցագործներուն ձեռքը, քանի որ գողցուած դիմաքանդակները, խաչերը, յուշակոթողները անմիջապէս կը ձուլուին եւ կը վերացուին անոնց հետքերը: Հազուադէպ դէպքեր կ՚ըլլան, որ կը բռնուին յանցագործները, սակայն այդ պարագաները շատ սակաւաթիւ են կատարուածին դիմաց:

Նոյն՝ Թոխմախի գերեզմանատան մէջ պղծուած են նաեւ ուրիշ մեծերու գերեզմաններ, գողցուած են հոն շիրմաքարերուն վրայ դրուած գրեթէ բոլոր քիչ թէ շատ արժէքաւոր մետաղեայ քանդակները, իրերը: Տարիներ առաջ ահազանգեր հնչեցին, որ գողցուած է գրող Դերենիկ Դեմիրճեանի պրոնզեայ կիսանդրին, դերասան Վաղարշ Վաղարշեանի տապանաքարին վրայէն տարած են թիկնոց յիշեցնող մետաղեայ լրացումը, անհետացած է քանդակագործ Երուանդ Քոչարի կլոր շիրմաքարը եզերող դափնիի տերեւներով զարդը, գրող Սիփան Շիրազի շիրիմէն յափշտակած են պրոնզեայ խաչը, անարգանքի արժանացած են նաեւ գերեզմանները ոչ-յայտնի մարդոց, որոնց հարազատները որոշած են երեւելի մետաղեայ իր մը զետեղել շիրմաքարերուն վրայ: Գերեզմանատուները պահակներ կ՚ունենան, սակայն պահպանութիւնը չափազանց թոյլ է, գերեզմանները քանի մը մուտք ունին, բոլորը չէ, որ պարսպապատ են եւ հնարաւոր չէ մանաւանդ գիշերները ամբողջութեամբ հսկել հսկայական տարածքները:

Նաեւ գերեզմաններէ՛ դուրս կը կատարուին հայ մեծերու յիշատակի հանդէպ ստորնութիւններ եւ ապականութիւններ: Անոնց ապրած շէնքերուն վրայի յուշատախտակներէն կ՚առեւանգուին մետաղեայ կտորները:

Հրաչեայ Աճառեանի յիշատակը այդպէս պղծուած է երկու անգամ: Գերեզմանէն զատ գողցուած է նաեւ Մաշտոցի պողոտային վրայ անոր ապրած շէնքին առջեւ դրուած յուշակոթողին պրոնզեայ քանդակը: Այդ մէկը տեղի ունեցած է 2008-ի գարնան: Երկար տարիներ նոյնպէս այդ տեղը դատարկ էր եւ շուրջ հինգ տարի առաջ Հրաչեայ Աճառեան կրտսերը, իր միջոցներով, քանդակագործ Գետիկ Պաղտասարեանի աջակցութեամբ եւ գեղանկարիչ Աւետիք Աւետիսեանի նախաձեռնութեամբ Մաշտոց 43 հասցէին վրայ կը վերականգնէ այդ քանդակը…

Հայաստանի մէջ նմանատիպ գողութիւններու ենթարկուած են Հայկ Նահապետի, Տորք Անգեղի արձանները, Երեւանէն դուրս, մայրուղիներուն դրուած ուրիշ յուշարձաններ նոյնպէս այսպիսի ճակատագրերու արժանացած են: Ատոնց մէկ մասը վերականգնուած է, մէկ մասը տակաւին անմխիթար վիճակի մէջ է:

Հանրապետութեան հրապարակի ցայտաղբիւրի՝ «Եօթնաղբիւր»ի եօթ աւազանի երեքի պրոնզեայ թասերը նոյնպէս տարիներ առաջ գողցուեցան, եւ քանդակագործը ստիպուած եղաւ նորերը պատրաստելու:

Տխուր եղելութիւնները շատ են, բայց լաւ, որ կան ուրախալի առիթներ, բարերարներ եւ սրտցաւ մարդիկ, որոնք նախանձախնդիր են պղծուածը վերականգնելու հարցին մէջ…

Այսօր Հրաչեայ Աճառեանի գերեզմանը նոր շունչով կը ներկայանայ. ճերմակ մարմարեայ կիսանդրին աւելի խորհրդաւոր է, եւ յուսանք, որ կը պահպանուի ըստ արժանւոյն: Գիտնականի գերեզմանին վրայ տակաւին թարմ է ծննդեան օրուան առթիւ դրուած ծաղկեպսակը: Այս տարի լրացաւ Հրաչեայ Աճառեանի ծննդեան 147-ամեակը: Մեծ գիտնականի 145-ամեայ յոբելեանը անցաւ անաղմուկ՝ համընկնելով քորոնաժահրի սահմանափակման օրերուն եւ Գրականութեան ու արուեստի թանգարանին մէջ համեստ կերպով նշուեցաւ՝ ցուցադրութեամբ մը եւ անոր կեանքի մասին տեսաժապաւէնի մը պատրաստութեամբ: Նոյն թանգարանին մէջ կ՚աշխատի թոռ Հրաչեայ Աճառեանը, որ իր ընտանիքին հետ ամէն կերպով կը ջանայ պահել անուանի մեծ հօր յիշատակը: Վերջին լուրը, որ Հրաչեայ Աճառեան կրտսերը յայտնեց, այն է, որ իր երկու թոռներէն մէկը՝ Լէոն, նոյնպէս կը կրէ Աճառեան մականունը: Հակառակ որ Լէօ իր դստեր որդին է, բայց անոր հայրը, ըլլալով հասկցող մէկը, դէմ չէ եղած, որ երկու որդիներէն մէկը ունենայ նշանաւոր հայուն մականունը:

ՅՈՒՇԱՊԱՏՈՒՄ

Աճառեանի մասին յուշերը անթիւ են: Ատոնք ամէն անգամ նորովի կը բացայայտեն գիտնականը, լեզուաբանը, որ անխոնջ աշխատելով, նաեւ եղած է կատակասէր մէկը, կեանքը սիրող եւ ընկերներուն ու ընտանիքին նուիրուած անձ մը:

Զուարճալի դէպք մը Հրաչեայ Աճառեանի կեանքէն.

Օր մը կը ծեծեն Աճառեանին դուռը։ Կինը կը բանայ եւ կը տեսնէ երկու անծանօթ տղամարդ, որոնք իրենց ըսելով եկած կ՚ըլլան համայնավարութեան կառուցման համար դրամ հաւաքելու:

-Այս ի՞նչ կողոպուտ է, այս ամէնին հետ ի՞նչ կապ ունի Աճառեանը,- վրդովուած կը հարցնէ տիկին Սոֆիկը։

Աճառեանը կը լսէ այս ամէնը եւ ներսէն կ՚ըսէ.

-Սոֆի՛կ, որքան որ կ՚ուզեն՝ տո՛ւր, թող երթան: Միեւնոյն է՝ ատոնք համայնավարութիւն կառուցող չեն եւ պիտի ըսեն՝ Աճառեանը չտուաւ, ատոր համար ալ ձախողեցանք:

 

ԿՈՄԻՏԱՍԻՆ ՀԵՏ

Ծանօթ է Հրաչեայ Աճառեանին մտերմութիւնը՝ Կոմիտաս Վարդապետին հետ: Անոնք մտերմացած են Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանին մէջ՝ 1899-1902 թուականներուն: Աճառեան իր յուշերուն մէջ պատկերաւոր նկարագրած է այդ մտերմութիւնը եւ անգին յուշեր պատմած Կոմիտասէն.

«Կոմիտաս մարդկային բացառիկ առաքինութիւններու ծով էր: Չափազանց աշխատասէր, աննկուն կամքի տէր, անկեղծ, բարեհոգի, ընկերասէր, քաղցր ու համեստ՝ բոլորին նկատմամբ: Մաքրակրօն էր ան եւ մեծ հայրենասէր մը: Իր երաժշտական հանճարէն զատ, քովնտի շնորհքներ ալ ունէր. բանաստեղծ էր եւ ճարտար ծաղրերգու դերասան մը, որ երգիծախաղին մէջ ալ մեզի յայտնի էր: Վերին աստիճանի սրամիտ, կենսուրախ եւ պատրաստաբան էր Կոմիտաս եւ սիրուած՝ ճեմարանի մեծէն ու փոքրէն: Կոմիտաս բացառիկ դուրեկան ձայն մը ունէր եւ արժանացած էր Խրիմեան Հայրիկի մասնաւոր համակրանքին: Խրիմեան Հայրիկի կարգադրութեամբ, տօնական օրերուն Կոմիտաս կը ղեկավարէր դպրաց դասը եւ պատասխանատու էր խորանէն երգուած սաղմոսերգութիւններու եւ աւետարաններու ընթերցման:

Կոմիտաս մեծ ընթերցասէր մըն էր, զօրաւոր էր հայոց լեզուին մէջ, եւ հայոց պատմութիւնը շատ լաւ գիտէր: Մասնաւորաբար կը կարդար Մովսէս Խորենացին եւ Նարեկացին, իսկ Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»ն կ՚անուանէր իր մասունքը։

Կը պատմէր, որ իր կեանքի ուղին ան ընտրած էր ուսանողական տարիներէն: Միշտ կ՚ըսէր, որ ժողովրդական բանահիւսութիւնը իր հոգւոյն մէջ զուգընթաց էր ժողովրդական երաժշտութեան հետ: Եւ կ՚աւելցնէր վստահ շեշտով մը. «Ես պիտի հասնիմ իմ բուն նպատակիս՝ մեր հայ ժողովրդական երաժշտութեան գանձերը դուրս պիտի բերեմ հայրենի աւերակներէն...»:

Կոմիտաս քաջ պարող մըն ալ էր, միեւնոյն ատեն կատակերգակ դերասանի հակումներ ունէր․ ձեւեր եւ բարբառներ հարազատօրէն ընդօրինակելու բացառիկ շնորհքի կը տիրապետէր:

Ճեմարանի ուսուցիչներուն մէջ յայտնի ժողովրդական պարողն էր: Տղամարդկանց խիզախ, խրոխտ, շորորէն, ծանր ճօճումներով եւ մարտական սուրով պարերէն մինչեւ շինական կիներու պարերը, իրենց ձայնի հարազատ ելեւէջներով եւ մարմինի ու ձեռքերու նուրբ արտայայտութիւններով առյաւէտ անմոռանալի կը մնան»։

«Մաքրասէր Կոմիտասը ճանճի թշնամի էր: Բացի սենեակին պատուհաններէն, դուռն ալ շղարշով փակած էր: Կ՚արժէր տեսնել զինքը, երբ յանկարծակի կատակալի բառերով կը յարձակէր դուռէն ներս մտնողին վրայ, պոռալով. «Շուտ, շուտ ներս մտի՛ր», եւ եթէ այդ միջոցին ճանճ մըն ալ ներս մտնէր, ան չէր հանգստանար, մինչեւ որ դուրս չհանէր զայն: Անիծելով վռնտուած ճանճը՝ կ՚ըսէր. «Ի՞նչ, նորէն նոթերուս վրայ սրբագրի՞չ եկար...»:

Կոմիտաս ոխերիմ թշնամին էր ճանճերուն: Անգամ մը, երբ մեր սենեակին մէկ ճանճը սատկցնելու համար ապակին կոտրեց, իր սրամիտ խօսքով արդարացուց ինքզինքը՝ ըսելով. «Այս ճանճը իր միքրոպով կարող էր մեր երկուքին գլուխը ուտել...»:

 

Անուշ Թրուանց
«Ժամանակ»/Պոլիս