Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, օրերս, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալած է «SALT» բարեսիրական հաստատութեան ներկայացուցիչները։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի էջէն։
Ստորեւ ներկայացուած լրատւութիւնը՝
Երեքշաբթի, 24 Յունիս 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալեց «SALT» բարեսիրական հաստատութեան ներկայացուցիչները։
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ազգ. Վարչութեան անդամ Ժագ Գազէզեան, Նպաստից Յանձնախումբի ներկայացուցիչ Յարութ Հայրապետեան, Ընկերային Ծառայութեան Խորհուրդի ատենապետ բժշկ. Վիգէն Մազլումեան եւ խորհուրդի անդամը։
Հաստատութեան ներկայացուցիչները անդրադարձան հաստատութեան յառաջիկայ ծրագիրներուն, յատկապէս թեմին հետ ունեցած փոխ գործակցութեան։
Մակար Սրբազան, մեծապէս գնահատեց հաստատութեան ներկայացուցիչներուն աստուածահաճոյ ծառայութիւնը, յատկապէս տնտեսական դժուար պայմաններուն մէջ եւ գործակցութեան ոգիով կատարեալ յաջողութիւն մաղթեց անոնց։