Մեծ Բրիտանիան 14 տարուան ընդմիջումէ յետոյ վերականգնած է յարաբերութիւնները Սուրիոյ հետ։
Մեծ Բրիտանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Լամմին այցելած է Դամասկոս, ուր հանդիպած է նախագահ Ալ Շարաայի հետ եւ յայտարարած Սուրիոյ անյապաղ մարդասիրական օգնութեան փաթեթի տրամադրման մասին։