image
Հրատապ լուրեր:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը մասնակցի եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 11րդ համաժողովին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը մասնակցի եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 11րդ համաժողովին

Եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութիւնը եւ տուեալ ժամանակաշրջանի դժուարութիւնները եւ տագնապները դիմագրաւելու ու քննարկելու յարմար միջավայր մը ստեղծելու նպատակով, 1948ին հիմնադրուած Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) 11րդ համաժողովը սկիզբ պիտի առնէ Չորեքշաբթի, 31 Օգոստոսին, Գերմանիոյ Քարլսրու քաղաքին մէջ:

7 տարին անգամ մը գումարուող համաժողովին կը մասնակցին աշխարհի զանազան շրջաններէ խորհուրդի առաւել քան 300 անդամ եկեղեցիներ՝ իւրաքանչիւրը իր աշխարհագրական ներկայութեան եւ թուային պատկերին համաձայն:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը 1962էն ի վեր ԵՀԽի գործօն անդամներէն մէկը եղած է: Արամ Ա. վեհափառ ը երկու ընտրաշրջաններ (1991-1998-2005) խորհուրդին Կեդրոնական եւ Գործադիր վարչութիւններու ատենապետութիւնը վարած է։

ԵՀԽի 11րդ համաժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան մաս կը կազմեն հետեւեալները.

Կոմիտաս արք. Օհանեան

Սեպուհ արք. Սարգիսեան

Գեղամ արք. Խաչերեան

Նարեկ արք. Ալեէմէզեան

Մասիս եպս. Զօպուեան

Հրանդ Ծ. վրդ. Թահանեան

Փրոֆ. Թենի Փիրի-Սիմոնեան

Սեդա Խըտըշեան

Դոկտ. Նորա Գապագեան-Պայրագտարեան

Վանա Կիտցինեան

Թամար Գանարեան

Արազ Գոճայեան

 

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ