image

Մեծանուն Եղիշէ Չարենցի աւանդին մասին պատմող գիրքը՝ անջրպետ ղրկուեցաւ

Մեծանուն Եղիշէ Չարենցի աւանդին մասին պատմող գիրքը՝ անջրպետ ղրկուեցաւ

Մեծանուն բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի գիրքերէն մէկը ղրկուած է անջրպետ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

«Եղիշէ Չարենց տուն-թանգարան»ը յայտարարութիւն մը հրապարակելով հաղորդեց որ ծնունդով կարսեցի Եղիշէ Չարենցի գիրքերէն մէկը ղրկուած է անջրպետ. հոն պիտի նշուի նաեւ տուն-թանգարանի հիմնադրութեան 60ամեակը եւ թանգարանի բացման 50ամեակը։ Անջրպետ ղրկուած է «Իմ սիրելի Հայաստան» անունով գիրքը, որ հրատարակուած է Չարենցներու ընտանիքի կողմէ եւ թարգմանուած է՝ 35 լեզուներու։ Գիրքը անջրպետ ղրկուեցաւ Ղազախստանի Պայքոնուր անջրպետակայանէն՝ Սենթ Փեթերսպուրկաբնակ բարերար Հրաչեայ Պօղոսեանի աջակցութեամբ։

Բաւական իմաստալից է որ թանգարանի տարեդարձը «անջրպետացած է», Չարենցի խօսքի ու Սարեանի գոյներու միասնութեամբ։