image

Մեծ հրդեհ «Զահրանի» շրջանի նաւթի ամբարի մը մէջ (Տեսանիւթ)

 Մեծ հրդեհ   «Զահրանի»  շրջանի   նաւթի ամբարի մը մէջ (Տեսանիւթ)

 Քիչ առաջ  մեծ հրդեհ մը ծագած է Լիբանանի հարաւային սայտա  քաղաքին  մերձ։

 Հրդեհը  ծագած է  Զահրանի   շրջանին  մէջ գտնուող   մազութի ամբարի մը մէջ եւ   հրշէջ   ծառայութիւններ  կարեւոր  ճիգեր կ՚իրականացնեն  մարելու համար   տարածուող  հրդեհը։

Կը նշուի  նաեւ, որ  բանակային ուժեր ստիպուած եղած են   փակել Զահրանիի  գլխաւոր  մայրուղին   հաւանական  վտանգներէ  զերծ  պահելու համար  քաղաքացիները։

Ըստ  կարգ մը  աղբիւրները    եթէ  հրդեհը ծաւալի   ապա  այն կրնայ   պայթումի մը պատճառ  դառնալ, սակայն այս տեղեկութիւնը     ամբողջապէս չէ  հաստատուած։

 «Ժամանակը հասաւ, որ Թուրքիա հեռանայ  Սուրիոյ հիւսիսէն» Նախարար Ֆայսալ Մըքտատ 

Սուրիոյ Արտաքին Գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատ     յայտարարած է, որ «Ժամանակը հասաւ, որպէսզի Թուրքիա հեռացնէ իր զօրքերը Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններէն»։

Մըքտատ, որ հարցազրոյց տուած է  սուրիական «Ալ Ուաթան» օրաթերթին նաեւ յայտնած է, որ Սուրիան պատրաստ է յարաբերութիւններու նոր   էջ մը բանալ Թուրքիոյ հետ, պայմանաւ, որ վերջինս հեռացնէ իր ուժերը Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններէն եւ  դադրի  Սուրիոյ մէջ  զաւթիչ ներկայութիւն  մը ըլլալէ»։

 Մըքտատ, որ  մեծապէս կարեւորած է  Ռուսաստանի հետ Սուրիոյ  յարաբերութիւնները նկատել տուած է, որ այդ յարաբերութիւնները խորքային եւ բազմաբնոյթ են, շեշտադրելով, որ Ռուսաստան անկեղծ դաշնակիցն է Սուրիոյ ու նաեւ առաջամարտիկ է ահաբեկչութեան  դէմ պայքարելու օրակարգով։ 

 Աւարտին Մըքտատ ըսած է, որ Սուրիան պատրաստ է արաբական երկիրներուն եւ Իրանի միջեւ  տեղի ունենալիք ցանկացած  երկխօսութեան   նպաստող միջնորդի դերով հանդէս գալ։

 

 Յիշեցնենք, որ Մըքտատ  այս յայտարարութիւնները լսելի կը դառնան այն պահուն, երբ  Սուրիոյ ուղղութեամբ համարաբական  դրական մեծ  տեղաշարժ մը  կը հասուննայ, սկսած մասնաւորապէս Յորդանանով, որուն Ապտալլա Թագաւորը օրերս  հաղորդակցութեան մէջ մտաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին հետ։