«Լիբանանահայ գրական շրջանակ»ի կազմակերպութեամբ յառաջիկայ 10 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ յիշատակի հանդիսութիւն նուիրուած վերջերս մահացած Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի։
Այս մասին տեղեկացանք Պէյրութի մեր աղբիւրներէն։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ երկար տարիներ հասարակական գործունէութիւն ծաւալած Գասպար Տէրտէրեան կը համարուի Լիբանանահայ ազգային կեանքի երեւելի դէմքերէն մին։
Ան իր ձախակողմեան թեքումներով, արեւմտեան քաղաքականութեան դէմ հնչեցուցած գաղափարներով եւ հայկական օրակարգին արեւելեան մեկնակէտներէ նայելու ունակութեամբ Տէրտէրեան հանդիսացաւ ինքնորոյն կերպար, եւ երկար տարիներու ընթացքին հանդէս եկաւ ուշագրաւ հրապարակումներով։
Արաբական մշակոյթին եւ մասնաւորապէս դիմադրական տեսակէտներուն հանդէպ մեծ համարում ունեցող Տէրտէրեան խումբ մը ընկերներու հետ վաղ 1960-ականներուն հիմնադրած է «Լիբանանի գրական շրջանակ»ը, որ կը համարուի Լիբանանի համայնավար շրջանականերու մշակութային թեւը։
Պէյրութի մէջ կայանալիք միջոցառման յետագային կ՚անդրադառնանք։