«Արեւելք»ի Բացառիկ հարցազրոյցը Բերիոյ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանին Հետ
-Սրբազան հայր, վերջին օրերուն շատ կը խօսուի Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութիւններու մասին, ռուսական աշխուժացման մասին եւ յատկապէս երկու օրէ ի վեր Նոր Գիւղի շրջանին վրայ տեղի ունեցած ռմբակոծումները նոր ալիք մը ստեղծեցին հարցադրումներուն: Մեր տեղեկութիւնները կ'ըսեն որ նաեւ սուրիահայ համայնքին մօտ որոշ մտահոգիչ կացութիւն մը կը տիրէ: Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք այս մէկը տրուած ըլլալով, որ դուք ձեր վերջին ըրած հարցազրոյցին մէջ Երկիր Մետիային ըսիք, որ Սուրիոյ պատերազմի ընթացքին եթէ հանդարտ օրեր ըլլան, այդ չի նշանակեր, որ պատերազմը աւարտած է եւ սա շատ տեղին դիտարկումն մըն էր: Ի՞նչ տեղեկութիւններ ունիք կամ ի՞նչ կը մտածէք գալիք զարգացումներուն մասին:
Նախ կ'ուզեմ իմ գնահատանքը յայտնել այս հարցազրոյցին համար: Գնահատանքի խօսք նաեւ բոլոր այն լրագրողներուն, որոնք կ'անդրադառնան ընդհանրապէս՝ Սուրիոյ եւ յատկապէս սուրիահայութեան կեանքին եւ կարելի եղածին չափով ճիշդ բնորոշումներով կը փորձեն ներկայացնել կացութիւնը, ինչպէս նաեւ երբեմն կը մատնանշեն ելքեր, որպէսզի հայ համայնքը ոչ միայն առանձին չզգայ, այլ ունենայ երբեմն դուրսէն թէ ներսէն որոշ պատկերացումներ, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ ընդհանրապէս սուրիահայ մեր համայնքին: Ատկէ դուրս, ինչպէս ծանօթ է Սուրիոյ պատերազմական վիճակը՝արդէն կը գտնուի 5-րդ տարուան մէջ, որուն ռազմական եւ քաղաքական վերլուծումները հեռու են իմ թէ՛ մասնագիտութենէս թէ՛ տեղեկութիւններէս, բայց որպէս Թեմակալ Առաջնորդ եւ որպէս Հայ Եկեղեցւոյ սպասաւոր բնականօրէն կ'ապրինք մեր ժողովուրդին հետ այս տագնապալի օրերուն իր նեղութեան մէջ եւ արդէն իսկ գիտենք, որ ընդհանուր 23 միլիոն հաշուող Սուրիոյ ժողովուրդին կէսէն աւելին կը գտնուի երկրի սահմաններէն դուրս, որոնց կարգին նաեւ հայ համայնքի զաւակները: Ռազմական գործողութիւնները երբեմն կը զարգանան, աճ կ'արձանագրեն, կը դառնան տեղատուութիւն եւ մակընթացութիւն, եւ այս առումով կարելի չէ խօսիլ յաղթանակներու եւ պարտութիւններու մասին: Կարելի չէ խօսիլ գալիք ժամանակներուն տեղի ունենալիք փոփոխութիւններուն կամ գործընթացներուն մասին, որովհետեւ եթէ պարզապէս միայն Հալէպը նկատի ունենանք եւ անոր աղերսուող ՄԱԿ-ի կողմէ ղրկուած պատուիրակութեան երեք յաջորդական անձերու փոփոխութիւնը, այս մէկը ցուցանիշ է բարդութեանը՝ այն կացութեան, որուն մէջ կ'ապրի Սուրիան այս տագնապալի եւ պատերազմական գործողութեանց մէջ:
Վերջին շրջանին տեղի ունեցող միջազգային փոփոխութիւնները հաւանաբար տեղ մը կը յուսադրեն, որ մօտիկ ապագային (բնականաբար ժամանակի իմաստով չէ այս մէկը) հաւանաբար լուծումներ առաջարկուին, կամ գուցէ լուծումներ արդէն իսկ ձեւակերպուած են եւ այդ լուծումները գործականացման ընթացքի մը մէջ կը գտնուին, բայց այնքան ատեն որ ուժի կուտակում տեղի կ'ունենայ, այդ ուժը նաեւ տեղ մը կրնայ արտայայտուիլ: Գուցէ Սուրիան կրնայ աւելի ահաւոր վիճակներու մատնուիլ եւ կամ նախքան խաղաղութիւնը բարձր կամ զօրեղ ալիք մը ըլլայ կամ ցնցիչ պահեր ունենայ երկիրը: Սուրիահայութիւնը այս տագնապին մէջ ամէն իմաստով վնասներ կրեց եւ կը շարունակէ կրել, մեր տեղեկութիւնները Հալէպի պարագային այն տեղեկութիւններն են, որ յաճախ հեռախօսի ճամբով կը փոխանցուին տրուած ըլլալով, որ համացանց գոյութիւն չունի Հալէպի մէջ, անկախ բոլոր կարելիութիւններէն հաղորդակցական գրեթէ բոլոր կապերը անդամալուծուած են,(գրեթէ խզուած են) շատ դժուար է ճշգրիտ տեղեկութիւն հաւաքելը, դժբախտաբար վերջին զարգացումներուն հետ նաեւ Հալէպը կրկին անգամ փոթորկեցաւ, ինչպէս որ Երկիր Մետիայի հանդիպման մէջ ըսած էի, զինուորական գործողութիւնները տարօրինակ վերիվայրումներ կ'արձանագրեն, որոնց զոհ կ'երթայ անմեղ ժողովուրդը: Սուրիոյ տագնապին մէջ վնաս կրող առաջին եւ վերջին կողմը ժողովուրդն է:
Ժողովուրդը իր բոլոր խաւերով, իր բոլոր ցեղային, կրօնական, մշակութային պատկանելիութիւններով վնաս կը կրէ եւ այս մէկը առանց կրօնական խտրութեան, քրիստոնեայ կամ իսլամ, հայ կամ իսլամ սուրիացի քաղաքացիները վնասներ կը կրեն, վերջին օրերու պատկերացումը այն էր, որ Նոր Գիւղի շրջանն էր թիրախը, բայց անկէ քանի մը օր առաջ արեւմտեան Հալէպի մէջ իրավիճակը ահաւոր էր: Տասնեակ զոհեր, հարիւրաւոր վիրաւորներ, մեծ քանդում, ես յաճախ կը գործածեմ՝ համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն յետոյ ամէնէն շատ քանդումի ականատես եղած քաղաքը Հալէպն է, Սուրիոյ մէջ քանդումը համատարած է, բայց մասնաւորապէս Հալէպի մէջ, պէտք է ըսել որ Հալէպի մէջ կան փոքր գիւղեր, որոնք հիմնայատակ քանդուած են, չմոռնանաք, որ Հալէպը՝մայրաքաղաք Դամասկոսէն ալ մեծ է տարածքային առումով :
Այսօր ըստ երեւոյթին Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ մազաչափ թելի վրայ բռնուող կացութիւն մը կայ: Հալէպի նահանգին յատկապէս Հալէպ քաղաքին տրուած ըլլալով, որ բազմակողմ ճակատումներ գոյութիւն ունին: Պատերազմական գործողութիւնները աջ եւ ձախի միջեւ չեն, այլ ներքին այնպիսի շերտաւորումներ եւ խմբաւորումներ կան, որոնց մասին այսօր կարելի չէ յստակ կերպով արտայայտուիլ, բայց դժբախտաբար գեր-ուժերուն ձեռքերուն մէջ գտնուող խաղերն են, որ կը շարունակուին ու կրկին անգամ կ'ըսեմ, որ հիմնական վնասուողը այս պատերազմէն ժողովուրդն է եւ այս պարագային մեր ժողովուրդը, որ ահաւոր վիճակի մէջ կը գտնուի: Անցնող տարիներու ընթացքին ոմանք կանուխէն շարժեցան եւ գոնէ պատերազմական գործուղութիւններուն ծիրէն եւ գիծէն հեռացան, ուրիշներ աւելի հեռուներ գացին եւ ծովէն անդին մեկնեցան: Լիբանան եւ Հայաստան հալէպահայութեան կամ սուրիահայութեան կեդրոնները դարձան: Բան մը, որ ցոյց կու տայ համայնքի ժողովրդագրական- տէմոկրաֆիք քայքայման մէկ վիճակը, որովհետեւ կառոյցները հոն են եւ կառոյցներուն մէջ մարդիկ կան եւ տակաւին կը շարունակեն ապրիլ, երբեմն նոյնիսկ մեղադրանքներու առարկայ դառնալով: Բայց թոյլ թող տրուի ըսել, որ այնքան ատեն որ Սուրիոյ մէջ սուրիահայեր կան, պատասխանատուներ, եկեղեցական թէ ազգային պատասխանատուներ պարտականութիւնը ունին անոնց հոգատարութիւն ընել եւ նաւավարի դերակատարութիւն ստանձնել եւ ոչ թէ առաջին փախչողի դերին մէջ ըլլալ: Պէտք է նաեւ գնահատել հոն ապրողները եւ մանաւանդ այդտեղ գործող պատասխանատուները եւ ղեկավարները, որոնք իրենց հասկացողութեամբ եւ կարողութեամբ երբեմն գետնի վրայ շատ աւելի իրազեկ են իրավիճակէն եւ գիտեն նաեւ համապատասխան տնօրինումներ ընել: Մենք գերմարդ չենք, որ ամէն ինչ գիտնանք եւ ամէն ինչ ճիշդ ընենք, բայց ընդհարապէս մեր կատարած աշխատանքները եւ ունեցած վնասներու համեմատութիւնը ես անձամբ կը կարծեմ, որ խոհեմութեամբ եւ իմաստութեամբ ծրագրուած եւ փորձարկուած ազգային ծառայութիւն է, որուն համար գնահատանք չէ, որ կը սպասենք, այլ կը սպասենք հասակցութիւն: Այս առումով թոյլ տուէք ըսեմ, որ մենք Սփիւռքի եւ հայրենի մեր ժողովուրդի զաւակներէն կ'ակնկալենք զօրակցութիւնը շարունակել գործնապէս: Մենք, որպէս համայնք նաեւ գոհունակութեան զգացումը ունինք, որ սուրիահայութիւնը առանձին չէ եւ ցոյց տրուած նիւթաբարոյական օժանդակութիւններուն շնորհիւ կրցանք շարունակել, պահպանել մեր գոյութիւնը այս դժուարին օրերուն:
-Շատ մը դէտեր կը խօսին Սուրիոյ մասնատման մասին: Յատկապէս նոր համակարգ մը ստեղծելու մասին, որուն մէջ Դամասկոսը, Թարթուսը, Լաթաքիան կը գրաւեն հիմնական տեղ: Իսկ Հալէպը ըստ երեւոյթին կը մնայ սակարկութիւնէն դուրս: Արդեօ՞ք պետական մարմիններուն հետ քննարկած էք այս խնդիրը: Կամ կա՞յ Հալէպի ապահովական օղակը լայնցելու ծրագիր մը, տրուած ըլլալով, որ շատ յաճախ կը խօսուի զինուորական մեծ գործողութեան մը մասին: Ի՞նչ կրնաք ըսել այս առումով:
Քաղաքական եւ ռազմագիտական աշխարհէն հեռու ըլլալով հանդերձ պէտք է նշեմ, որ Սուրիան իրողապէս տարանջատուած վիճակ մը ունի: Տրուած ըլլալով, որ կան հսկայական տարածքներ, որոնք կը գտնուին «Իսլամական Պետութիւն» կոչուող խմբաւորման տիրապետութեան տակ կամ միւս շրջանները, որոնցմէ իւրաքանչիւր տարածք կը գտնուին տարբեր խմբաւորումներու տիրապետութեան տակ եւ որոնց ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս ըլլալը իմ մասնագիտութեանս վերլուծման առարկան չեն: Մենք գործնապէս սուրիահայերու անկիւնէն կը դիտենք խնդիրը: Օրինակ կայ Ճէզիրէյի շրջանը՝ Հասաքէ, Րաս Ուլ Այն, Տէրիք եւ հայահոծ Գամիշլի շրջանը ուր միայն օդանաւով կարելի է հասնիլ: Հաւանաբար այլ ճամբաներ կան բայց, եթէ ես որպէս Թեմակալ Առաջնորդ, Ազգային Իշխանութեան հետ այսօր ուզեմ երթալ եւ շրջանը այցելել պէտք է երթամ Լաթաքիա կամ Դամասկոս եւ հոնկէ օդանաւով Գամիշլի հասնիլ: Ռաքայի, Տէր Զօրի, Թէլ Ապիատի շրջանները բոլորովին տարանջատուած են: Հակառակ անոր, որ որոշ տեղեր հայեր կան, բայց շատ փոքրաթիւ ներկայութիւն են: Տէր Զօրը օրինակ, որ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ պէտք էր մեծ ուշադրութեան առարկայ դառնալ, ուր ծրագրուած էր միւռոնօրհնէք կատարել եւ ի մի խմբել հայութիւնը, այսօր քանդուած վիճակ մը կը պարզէ: Ուրեմն երկրորդ շերտը կերդրոնական շերտն է, որուն վերջին կորսուստները նշանաւոր Փալմիրայի շրջանն է: Գալով Հալէպին ինչպէս կ'ակնարկէի, հիւսիսային շրջանին մէջ գրեթէ կղզիացած վիճակ մը կը ներկայացնէ, բայց մանաւանդ Հալէպ քաղաքը, ուր ինչպէս ձեզի ծանօթ է աշխարահագրականօրէն, շատ բարակ երակ մը կայ, նշանաւոր Խանասէր-Սալամիէյ- Հոմս ճանապարհը այլապէս կղզիացած վիճակ մը կը ներկայացնէ: Ծովափի շրջանին մէջ նշանաւոր է մեր Քեսապը, զորս մէկ անգամ կորսնցնելէ եւ վերատիրանալէ յետոյ, ներկայիս հոն կ'ապրին եւ վերսկսած են իրենց կեանքին բոլոր իմաստներով: Ցնցումը մեծ էր, պատերազմի ընթացքին եղած ցնցումները մեզ անհանգստացուցին: Տեղին է նաեւ յիշատակել, որ Միջազգայի՛ն ընտանիքին մօտ հինէն ի վեր խօսուած է ոչ միայն Սուրիոյ այլ միջին արեւելեան երկիրներու բաժանման տեսութեան մը մասին եւ կան մարդիկ, որ այդ ուղղութեամբ կանխամտածուած կերպով կը գործեն: Անոնք կ'առաջարկեն հեռահաս նպատակներով ծրագիրներ: Հիմնական խնդիրը այն է, թէ որոնք կը հաւատան մասնատուելու կամ անջատուելու կամ առանձին միաւորում ստեղծելու գաղափարին: Հոս է, որ մեր մտքերուն մէջ կը ծագի գլխաւոր եւ հիմնական հարցումը այն մասին, թէ ըլլալիք համաձայնութիւները ո՞ւր կը տանին Սուրիան: Մեզի համար Սուրիոյ ամբողջականութիւնը եւ սուրիացի ժողովուրդին իր հողին վրայ իրաւունքը անբռնաբարելի իրաւունք է:Այլ հարց է, որ արդեօ՞ք երկիրը տարանջատումի կամ մասնատումի պիտի երթայ, թէ պիտի պահէ իր նախկին միասնութիւնը: Այս բոլոր դրուածքներուն մէջ կ'օգտագործուին նաեւ կրօնական, յարանուանական եւ մշակութային, ցեղային շերտաւորումներ: Ես անձամբ կը կարծեմ, որ եթէ միջազգային ընտանիքը գայ այն հասակացողութեան թէ 21-րդ դարը ահաբեկչութեան դէմ պայքարի դար է, ապա պէտք է չէզոքացնէ այն խմբաւորումները, որոնք ամբողջ ժողովուրդ մը կ'ահաբեկեն եւ քաոսային իրավիճակ կը ստեղծեն: Դժբխատաբար այսօր Սուրիան քաոսային վիճակ մը կ'ապրի եւ ես ինչպէս շատ ուրիշներ խաղաղութեան ջատագովն են: Բնակականաբար կը մաղթեմ, որ խաղաղութիւն եւ համակեցութիւն ըլլայ այլապէս ժողովուրդներու հակամարտութիւնը երկրագունդը քանդելու միտող հակամարտութիւն մըն է:
-Սրբազան Հայր, մէկէ աւելի անգամներ, յատկապէս մեր զրոյցներու ընթացքին Սփիւռքի փոխ նախարարին հետ, ինչպէս նշեցիք մտահոգութիւնը այն է, որ Հալէպը շրջափակող ուժերու մէջ, տասը տեսակ խմբաւորումներ եւ ծայրայեղական տարբեր գոյներու եւ երանգներու հաւատացող ուժեր կան, եւ որոնց հետ որեւէ երկխօսութիւն ըստ երեւոյթին դժուար է իրականացնելը, բայց եւ այնպէս, ըսելիքս ան է, որ շատ խօսուեցաւ հալէպահայութիւնը տարհանելու մասին, որուն դիմաց Հալէպի մէջ մէկէ աւելի պատասխանատուներ, նաեւ դուք, դէմ արտայայտուեցաք: Ի՞նչպէս կը բացատրէք, յատկապէս որ իրապէս անվտանգութեան խնդիրը առաջին խնդիրն է մեր ժողովուրդին համար: Մէկ բան յստակ է, որ Հալէպահայութեան անվտանգութեան խնդիրը կարմիր գիծ է: Ի՞նչ ունիք ըսելիք այս առումով:
Վերջին բառերը օգտագործելով պիտի կրկնեմ, որ անվտանգութիւնը կարմիր գիծ է մեզի համար: Մեր ժողովուրդին եթէ վտանգ կը սպառնայ, ինչ անուն ալ կրէ այդ ղեկավարութիւնը, պատասխանատուն կամ պատասխանատուները, երբ այդ վտանգին դիմաց համապատասխան տնօրինում, դասաւորումներ չընեն, սխալ կ'ընեն, եւ պատասխանատուութիւնը վերջաւորութեան կ'իյնայ իրենց ուսերուն վրայ, բայց, երկրորդ կէտ, նկատի ունեցէք, որ զարգացումները կայական, մնայուն, մէկ տեսակէտով չէ որ կը շարժին եւ մեզ կը պարտաւորեցնեն երբեմն վերատեսութեան ենթարկել մեր ծրագիրները: Սկզբունքը սա է, որ Միջին Արեւելքի մէջ հայութեան ներկայութիւնը մեր դատին, մեր իրաւունքներուն, մեր ներկայութեան եւ մեր գոյութեան համար անհրաժեշտ ներկայութիւն մըն է, մեր կամքէն անկախ, երբ պատերազմ կ'ըլլայ: Եթէ հաշուեմ օրինակի համար Ռաքքայի, Թէլ Ապիատի, Տէր Զօրի, Եագուպիէի, Ղընէմիէյի, Արամոյի, նոյնիսկ շրջան մը Ռաս Ուլ Այնի շրջանի փոքրաթիւ կամ մեծաթիւ հայերը, երբ որ պատերազմական գործողութիւն կայ, բնականաբար դուրս պէտք էր ելլէին եւ ելան, հիմա կարգ մը շրջաններ ամայացած են հայութենէ, կարգ մը շրջաններու մէջ տակաւին հատ ու կենտ տարիքով մեծ եւ երբեմն նաեւ անհատներ կը գտնուին: Գալով Հալէպին, որովհետեւ Հալէպը նաեւ սուրիահայութեան մայրաքաղաքն է, հոծ բազմութեան, թիւի եւ կառոյցներու տեսակէտէն «Մայր գաղութ» բառը կը գործածուի, անոր համար ամբողջ ուշադրութիւնը հոն էր, բայց փոքր համեմատութիւն մը կատարենք: Երբ որ Քեսապը յարձակումի ենթարկուեցաւ եւ պարպուեցաւ, (որուն առընչութեան մարդիկ ինչպէս կ'արտայայտուին երկրորդական է), ուրեմն եթէ համեմատութեան մէջ առնենք Քեսապի պարագան եւ ենթադրենք, որ Քեսապը, Քեսապահայերը մնացին այդտեղ, ինչպէս որ ոմանք սիրեցին ըսել, զգացական ըլլալով եւ այդտեղ զինուորական գործողութիւններէն պատկերացում մը չունենալով հանդերձ պայքարէին ու պաշտպանէին իրենց հայրենիքը, շատ մեծ ողբերգութեան առջեւ պիտի դնէին մեր ժողովուրդը: Ժողովուրդը կրցաւ դուրս գալ, ինչպէ՞ս, ատիկա պատմութիւնը թող արձանագրէ եւ խնդիր չունինք, մարդիկ իրաւունք ունին արտայայտուելու, բայց վտանգել համայնքը, նոյնիսկ դուրսը իրենց հանգիստին մէջ նստող մարդիկ իրաւունք չունին այդ մասին խօսելու, որովհետեւ երբ որ իրենց պատկերացումը կ'ուզեն գետնի վրայ տեսնել եւ գետնի վրայ եղած իրավիճակը չի համապատասխաներ իրենց պատկերացման, ճիշդ հակառակ պատկերացումը կ'ունենայ: Եթէ պատկերացնենք, որ Քեսապի հարցը երեք ամսուան տեղ, երեք տարի տեւէր եւ մնայուն վիճակ մը ստեղծուէր, մենք ինչ շահած չպիտի ըլլայի՞նք: Մայրաքաղաք՝ Հալէպի պարագային պատերազմական գործողութիւնը, որքան Հալէպը սկսաւ խեղդուիլ եւ ամէն կողմէն ռմբակոծումներ եղան, մենք որպէս երկրին նաեւ տէրերը եւ մի մոռնաք, որ մենք այցելուներ չենք այդտեղ այլ քաղաքացիներ ենք նաեւ, մենք այդ երկրին տէրերն ենք: Մեր տունը, տեղը, եկեղեցին, դպրոցը, ակումբը, հաստատութիւնները ձգելով դուրս ելլելու խնդիր չունէին, յատկապէս սկզբնական շրջանին: Այդ օրերուն այսօրուան իրավիճակը չկար, ու աւելի ուշ արձանագրուող փոփոխութիւններուն հետ աստիճանաբար, կամաց-կամաց սուրիահայութիւնը դուրս ելաւ: Այստեղ թոյլ տուէք պարզ եւ յստակ բառերով հարց տամ, որ արդեօ՞ք սուրիահայութեան համար համազգային, համահայկական ծրագիր մշակուեցա՞ւ, պատասխանը ոչ է, բայց համահայկական պատկերացումներ եղան եւ ինչու չէ, անոր համապատասխան որոշ տնօրինումներ, գործողութիւններ կատարուեցան: Սուրիոյ ամբողջ տագնապին մէջէն ամբողջ համայնք մը վերցնել եւ դուրս բերել, այսպէս կոչուած վտանգի մասին մարգարէութիւններ ընելով, այդ օրերուն ճիշդ չէր: Այդ օրերուն մեր պատկերացումը այն էր, որ տրուած ըլլալով որ ծանօթ ենք երկրի ուժականութեան եւ ներկայութեան, ճիշդ համարեցինք մնալ, պահել, շարունակել մինչեւ որ տեսնենք թէ ինչ հուն կը ստանայ տագնապը: Ապա աստիճանաբար շրջանէն հեռացած մեր ժողովուրդի զաւակները, ծովափի շրջան գացին, օտար ափեր գացին, Լիբանան գացին, ապա Հայաստան տեղափոխուեցան, վերջը աւելի հեռաւոր ափեր հասան: Այս առումով օրինակ մը տալով պիտի ուզեմ բնութագրել այսօրուան իրավիճակը: Օրերս, Երեւանի մէջ 8 տարեկան փոքրիկ երեխայ մը, որ Հալէպէն միայն վերջերս եկած է, մտերմիկ խօսակցութեան մը ընթացքին այս նախադասութիւնը գործածեց «Կարելի չէ՞ր օդանաւին մէջ դնել հալէպահայերը եւ Երեւան բերել»: Մենք պաշտօնական եւ ոչ պաշտօնական հրապարակի վրայ ցուցադրուած կամ ներկայացուած եւ ոչ հրապարակուած խորհրդակցութիւններու մէջ այս հարցերը մանրակրկիտ քննարկած ենք, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Վեհափառին եւ Կեդրոնական Վարչութեան, գործող մեր ազգային կազմակերպութիւններու տեղական մարմիններուն, թէ գերադաս մարմիններու հետ: Եւ թոյլ տուէք վստահեցնեմ, որ չկայ պատասխանատու մը, որ պիտի ուզէր սուրիահայերը Սուրիայ պահել: Այդ հոգեբանութիւնը չկայ, գոյութիւն չունի, բայց որպէս քաղաքացիներ կայ իրաւունքները չկորսնցնելու խնդիր, այսօրուան եւ գալիք ժամանակներու մէջ մեր տուները, տեղերը պահելու խնդիր կայ, շէնք կրնաս նորոգել եւ շինել, բայց բաներ կան, որոնց մասին կարելի չէ նաեւ հրապարակաւ խօսիլ: Կ'ուզեմ պարզապէս ըսել, հոգեւոր, մշակութային մեր արժէքները ինչպէ՞ս պիտի պահենք եւ պահպանենք, ի՞նչ ձեւով պիտի տնօրինումներ ընենք: Ես պատկերացումներէն մէկ հատը միայն գործածեմ, կրնա՞ս դուն քու ննջեցեալներուդ գերեզմանները տեղափոխել, անոնք քու արմատներդ կը կազմեն, հիմա անհեթեթութի՞ւն է ըսածս, թող ըլլայ անհեթեթութիւն, բայց իրականութիւնը այն է, որ աշխարհի ամէնէն տագնապալի երկիրներէն մէկը Իրաքն էր, ամբողջ իրաքահայերը դուրս չհանեցինք, մինչեւ այսօր տակաւին Իրաքի մէջ կ'ապրին: Իրաքի մէջ դժբախտաբար 10 տարուան պատերազմէն յետոյ տակաւին կը շարունակուին պայթումները, Առաջնորդ, շրջանի մէջ գործող մարմիններ կան: Նոյնը կարելի է ըսել Լիբանանի պարագային, ուր քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, եթէ լիբանանահայերը հանուէին, լաւագոյն պարագային տարուէին ապահով կոչուած երկիր մը, կամ երկիրներ, Միջին Արեւելքը կորսնցուցած պիտի ըլլայինք եւ Միջին Արեւելքի հայութեան պարպումի քաղաքականութիւնը վտանգ է Հայոց արդար դատին, Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման եւ անոր հետեւանքներուն եւ նոյնիսկ Հայաստանի ազատ անկախ հանրապետութեան համար: Պետական շրջանակներն ալ գիտեն, ընդդիմադիր կոչուող շրջանակներն ալ գիտեն մութ եւ դժուարին վիճակը, կացութիւնը, բայց կը հաւատամ, որ խոհեմութեամբ հաւասարակշռութիւն պահեցինք եւ այդ հաւասարակշռութիւնը մեզի բաւական սուղ արժեց, զոհեր ունեցանք, նիւթական կորուստներ ունեցանք եւ այսօր մեր այդ հսկայ համայնքը, որուն համար կ'ուզեմ այստեղի մէկ նախադասութիւն մը անպայման գործածել, «Մայր գաղութ» երբ կ'ըսենք, աշխարհի մէջ հայեր, պետութենէ սկսեալ, գործարաններ կը բանան արտադրութիւն ունենալու համար: Հալէպը հայ մարդ կ'արտադրէ, մենք այդ «ֆապրիք»ն է, որ կը կորսնցնենք, հայ մարդ արտադրող «ֆապրիք»ը կը կորսնցնենք եւ մանաւանդ Կիլիկեցի կամ արեւմտահայ մարդ արտադրող գաղութը կը կորսնցնենք: Նոյնիսկ Լիբանանի մէջ գործող ազգայիններ ծագումով, արմատով Հալէպէն կամ Սուրիայէն եկած են, անոր համար զարմանալի կերպով, երբեմն մեղադրանքներ կը լսուին, որոնց պէտք չունինք պատասխանելու, նոյնիսկ եթէ այս խօսքս պատասխան ընկալուի, մենք տակաւին կառչած կը մնանք Հալէպին: Երեւանի մէջ այս քանի մը օրերուն, որ եկած եմ Սուրբ Միւռոնի Օրհնութեան մասնակցելու յանուն Վեհափառ Հայրապետին, Ամերիկայի Թեմի Առաջնորդին, Մուշեղ Սրբազանին հետ՝ մասնակցելու նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի կեդրոնական ժողովին, ներկայացնելու Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, երբ կը հանդիպիմ սուրիահայերու, ամենապարզ նախադասութիւնը, քիչ մը կրնայ տարօրինակ թուիլ «Մէյ մը խաղաղէր մեր երկիրը...» նախադասութիւնը շատ պարզ է, «Վերադառնայինք Սուրիայ», դժգո՞հ են, ոչ անպայման դժգոհութեան նշան է, այլ կապուածութեան նշան է, իրենց արմատները հոն էին, եւ սուրիահայերը միայն Հայոց Ցեղասպանութեան 100 տարի առաջուան եկուորները չեն, որոնք Սուրիայ տեղաւորուեցան: Օրինակ մը տամ, Սուրիոյ մէջ մենք ունինք Ազգային վարժարան, որ Սուրիան Օսմանեան շրջանին, յետոյ հանրապետական շրջանին, ատկէ շատ աւելի առաջ արդէն գոյութիւն ունէր, երբեմն արդար իրաւունքով կը հպարտանանք, կ'ըսենք, Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւնը կազմուելէն առաջ, հռչակուելէն առաջ Սուրիոյ մէջ սուրիահայերը ներկայութիւն էին արդէն: Կը մաղթեմ, որ այնպիսի կացութիւն մը չստեղծուի, որ մեր ժողովուրդը իսկապէս վտանգի ենթարկուած ըլլայ, բայց ունինք որոշ ծրագրեր, որոշ պատկերացումներ, որոնց վրայ կ'աշխատինք շատ լուրջ կերպով: Հրամանատարը, եւ ես ինքզինքս հրամանատար չեմ սեպեր, հաւաքական առաջնորդութիւն եւ ղեկավարութիւն է, հրամանատարը այն է, որ պատասխանատուութիւնը կը վերցնէ եւ մենք ամբողջական կերպով պատասխանատու ենք մեր ժողովուրդին իր վատ, յոռեգոյն, Աստուած չընէ, վատագոյն պահուան մէջ, թէ լաւագոյն պահուան մէջ:
Վերջին հարցում, տեղեկութիւններ կան երկու հայեր առեւանգուած են, տեղեա՞կ էք:
Անշուշտ, պարզապէս ըսեմ, ես լրագրողական իմաստով տեղեկութիւններ փոխանցող անձնաւորութիւն չեմ: Մենք ունինք մարմիններ, պաշտօնական Ազգային Առաջնորդարանին բանբեր ունինք, ունինք նաեւ հոն գործող հաղորդակցական որոշ կապեր, որոնք կ'արտայայտուին, շատ պաշտօնականները մենք պաշտօնական հաղորդակցութեամբ կը տպենք: Այսօր պաշտօնական հաղորդագրութիւն յայտարարութիւններու ժամանակը չէ տակաւին, էր՝ երբեմն, սկզբնական շրջանին, «Դուն ճերմակ ես թէ՞ սեւ ես» հարցումներուն մենք պարտաւոր էինք հաւաքաբար, երեք համայնքներով, կազմակերպութիւններով ըսելիք ունենալ, ունէինք եւ ըսինք օրին, մարդիկ հաւնեցան, չհաւնեցան երկրորդական է: Երկու հայեր առեւանգուեցան, բայց այդ ճամբուն վրայ նաեւ այլ վիճակներ ստեղծուեցան, որոնց մէջէն դժբախտաբար այս հօր եւ որդւոյ առեւանգումը եղաւ, մենք առեւանգումներու հսկայ ժամանակ մը ունինք, կրնամ ըսել եղանակ, սեզոն իմաստով: Կ'աղօթենք, որ բոլորն ալ առանց բացառութեան ազատուին եւ վերադառնան իրենց հարազատներուն, վերադառնան իրենց համայնքին: Յիշեցնեմ, ահաբեկչութիւնը ո՛չ կրօնք, ո՛չ մշակոյթ, ո՛չ ցեղ կը ճանչնայ, ունինք թէ' քրիստոնեայ թէ' իսլամ եկեղեցական կամ կրօնական պատասխանատուներ՝ առեւանգուած, խոշտանգուած, սպաննուած: Ունինք քաղաքացիներ առանց բացառութեան, բոլոր կողմերէն, շերտաւորումներէն, նաեւ հայ քաղաքացիներ, որոնք առեւանգուած են, մինչեւ օրս տեղեկութիւններ չունինք նաեւ որոշ անձերու մասին: Հիմա այս պարագան, որ կայ իսկապէս կը ցաւցնէ մեր սիրտը եւ կ'աղօթենք, Ամենակալէն կը խնդրենք, որ իսկապէս զանոնք վերադարձնէ իրենց հարազատներուն եւ մեր ժողովուրդը կարենայ կողմնորոշուիլ նաեւ գալիք շրջանին ինչ պիտի ընէ եւ ինչպէս պիտի ընէ: Թող որ Աստուած մեզի իմաստութիւն, համբերութիւն տայ, որպէսզի կարենանք ընթացքը պահել:
Հարցազրոյցը Վարեց՝ Սագօ Արեան