image

Լիբանանի Համազգայինը ներկայացնող Պատուիրակութիւն մը Գերպ. Պատիշահին հիւր

   Լիբանանի Համազգայինը ներկայացնող Պատուիրակութիւն մը Գերպ. Պատիշահին հիւր

Տօնական օրերու շնորհաւորանքի ծիրէն ներս Լիբանանի Համազգայինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելութիւն տուած է Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան եւ ընդունուած Հայ Կաթողիկէ Պէյրութի Թեմի օգնական եպիսկոպոս  Գերյ. Հ. Գրիգոր եպս. Պատիշահին կողմէ։

Ասոր մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ  Համազգայինի Լիբանանի մարմնի դիմատետրեան էջէն։

 Ստորեւ տրուած  լրատւութիւնը՝

 

Երկուշաբթի, 27 Յունուար 2025-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Համազգայինի Լիբանանի շրջանային վարչութիւնը այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան եւ հանդիպում ունեցաւ Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմին Օգնական Եպիսկոպոսի՝ Տէր Գրիգոր Եպիսկոպոս Պատիշահի հետ:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ Սէմ Սիմոնեան, նախ շնորհաւորեց հոգեւոր հօր նոր տարին եւ սուրբ ծնունդը: Ապա ան վերահաստատեց Համազգայինի եւ հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի համագործակցութիւնն ու աջակցութիւնը, որմէ ետք հոգեւոր հօր ներկայացուց Շրջանային վարչութեան գործունէութիւնը եւ անոր հովանիին տակ գործող Գեղարուեստի դպրոցներուն աշխատանքները: Հանդիպումին առիթ եղաւ անդրադառնալու ազգային արժէքներու եւ հայկական ինքնութեան պահպանման ու մշակոյթի կարեւորութեան եւ Լիբանանի մէջ մշակութային կեանքը յուզող հարցերուն:

Հոգեւոր հայրը յայտնեց, որ մշակոյթի պահպանման բեռը բոլորիս պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնն է: Ան բարձր գնահատելով տարուած աշխատանքը, պատրաստակամութիւն ցուցաբերեց նեցուկ կանգնելու յառաջիկայ ծրագիրներու եւ աշխատանքներու իրագործման: Աւարտին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան մաղթեց յաջողութիւն եւ գնահատեց անոր տարած ազգանուէր ու օգտաշատ ծառայութիւնը` աւելցնելով, որ մշակոյթը կարեւոր դեր ունեցաւ մեր ինքնութեան հարստացման եւ հզօրացման մէջ։