image

Մեր ընտրուելէն ետք պիտի ըլլայ իրական խաղաղութիւնը․ Արման Թաթոյեանը՝ Նոր Նորքի մէջ

Մեր ընտրուելէն ետք պիտի ըլլայ իրական խաղաղութիւնը․ Արման Թաթոյեանը՝ Նոր Նորքի մէջ

«Միասնութեան թեւեր» կուսակցութեան վարչապետի թեկնածու Արման Թաթոյեանը, մայիսի 9-ին, խումբի հետ քարոզարշաւ է կատարած է Երեւանի Նոր Նորք վարչական շրջանին մէջ։

Յայտնած են կուսակցութենէն։

Այցի ընթացքին անոնք հանդիպած են քաղաքացիներու հետ, ներկայացուցած կուսակցութեան ծրագրային հիմնական դրոյթները, պատասխանած բնակիչներուն հետաքրքրող հարցերուն եւ բաժնած նախընտրական գրքոյկներ։

Պատերազմէն կրկնակի կորուստ ունեցող կին մը Արման Թաթոյեանին հարցուցած է․

«Հիմա որ ընտրուէք, մեր երեխեքին էլ չե՞ն կոտորելու։ Երկու երեխայ եմ կորցրել»։

Արման Թաթոյեանը պատասխանած է․

«Մայրիկ ջան, մեր ընտրուելուց յետոյ է լինելու իրական խաղաղութիւնը»։