Իրանի Արտաքին Գործոց նախարար՝ Հուսէյն Ամիր Ապտըլ Լահիան իր ինսթիկրամեան գրառումով յայտարարած է, որ Իրան որպէս ուժեղ երկիր, միշտ եղած է տրածաշրջանի խաղաղութեան եւ կայունութեան աւետաբերը:
Ըստ Ilna News-ին, Իրանի ԱԳՆ խօսնակը նաեւ անդրադարձած է Մեծ Բրիտանիոյ մեղադրանքներուն, որոնք կ'առնչուին երկրի կողմէ իրականացուող զօրավարժութիւններուն: Դատապարտելով բրիտանական իշխանութիւններու փորձերը ներկայացնելու Իրանը որպէս տարածաշրջանի համար սպառնալիք, Սայիտ Խաթիպզատէն յայտարարած է, որ Միացեալ Թագաւորութիւնը եւ Եւրոպան սովորաբար առաջադէմ զէնք կը մատակարարեն տարածաշրջանի որոշ երկիրներու՝ խախտելով միջազգային օրէնքն ու մարդու իրաւունքները, քանի որ այդ զէնքի կիրառումը անկայունութիւն եւ վտանգ կը ստեղծէ տարածաշրջանին մէջ, ինչպէս՝ Եէմենի մէջ տիրող ողբերգութիւնը:
Աւելի վաղ, Մեծ Բրիտանիոյ ԱԳՆ-ը մեղադրած էր Իրանը վերջերս մեկնարկած զօրավարժութիւններու ընթացքին պալիստիկ հրթիռներ արձակելու մէջ:
Կը նշուի, որ Իրանի «Իսլամական յեղափոխութեան պահապանները» «Մեծ մարգարէ 17» զօրավարժութիւններու վերջին փուլի ընթացքին 16 պալիստիկ հրթիռ արձակած են նախօրէին: