image

Մենք մեր տունը պատրաստ չենք յանձնելու․ «Գոյ» թատրոնի աշխատակիցները բողոքի ցոյց կատարեցին

Մենք մեր տունը պատրաստ չենք յանձնելու․ «Գոյ» թատրոնի աշխատակիցները բողոքի ցոյց կատարեցին

«Գոյ» թատրոնի ստեղծագործական անձնակազմը, 15 Յունուարի առաւօտեան, հաւաքուած է Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան շէնքի դիմաց։ Անոնք պահանջած են, որ իրենց թատրոնը չլուծարեն ու չմիացնեն այլ թատրոնի հետ։

Թատրոնի աշխատակիցները տեղեկութիւն ստացած են, որ 15 Յունուարին Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն ներս նոր տնօրէն Կարէն Սիմոնեանը պիտի ստորագրէ փաստաթուղթ, որով «Գոյ» թատրոնը պիտի միաւորուի Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմիական թատրոնին։

«Իրենք ոչ մի բան մինչեւ այսօր չեն ստեղծել ու զբաղուած են միայն քանդելով։ «Գոյ» թատրոնը հերթական քանդման առարկան է իրենց համար։ Մենք ուզում ենք անկախ ստեղծագործել մեր հայրենիքում։ Այդ թատրոնը մեր տունն է, ու մենք մեր տունը պատրաստ չենք յանձնել, մենք նահանջելու տեղ չունենք»,- լրագրողներբու հետ զրոյցին ըսած է բեմադրիչ Արթուր Սահակեանը։

Ան յիշեցուցած է, որ այս պահուն դատական գործ կ՚ընթանայ, այն կը գտնուի վերաքննիչ դատարանի մօտ, բայց այս պահուն հայց ներկայացուած է, որ գործը տեղափոխուի Ընդհանուր իրաւասութեան քաղաքացիական դատարան։

«Պատճառը այն է, որ եթէ լինէր Վերաքննիչում, մինչեւ դատարանի որոշում կայացնելը նրանք ոչինչ չէին կարող անել, իսկ եթէ քաղաքացիականում է, նրանք վաղն էլ կարող են մտնել թատրոն»,-ըսած է Սահակեանը։

Սակայն, այս պահու դրութեամբ, Ընդհանուր իրաւասութեան քաղաքացիական դատարանը վարոյթը դեռ չէ ընդունած, այսինքն այն դեռ կը շարունակէ մնալ Վերաքաննիչ դատարանի մօտ, ուստի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մէջ եթէ այս ընթացքին ինչ-որ բան ստորագրուի, ապա այն հակաիրաւական կ՚ըլլայ։