image

«Մենք մեր գերեզմանը կը փորենք». Կութերեշ

«Մենք մեր գերեզմանը կը փորենք». Կութերեշ

Հերիք է ծաղրել կենսաբազմազանութիւնը, բաւական է սպաննել մեզ ածխածնով, բաւական է բնութեան վերաբերիլ որպէս աղբահօր, բաւական է այրել, փորել եւ հորատել, չէ որ մենք կը փորենք մեր սեփական գերեզմանները:

 

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ յայտնած է, որ «մարդկութիւնը կը փորէ իր գերեզմանը»՝ անտեսելով կլիմայի հարցերը, եւ այդ պիտի յանգեցնէ աղէտի:

«Մենք կանգնած ենք խիստ ընտրութեան առջեւ. կամ մենք կը կանգնեցնենք այդ գործընթացը, կամ այն մեզ պիտի կանգնեցնէ։ Հերիք է ծաղրել կենսաբազմազանութիւնը, բաւական է սպաննել մեզ ածխածնով, բաւական է բնութեան վերաբերիլ որպէս աղբահօր, բաւական է այրել, փորել եւ հորատել, չէ որ մենք կը փորենք մեր սեփական գերեզմանները», ըսած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը Կլասկոյի մէջ կլիմայի փոփոխութեան հարցերով խորհրդաժողովին:

Կութերեշ նշած է, որ վերջին վեց տարիները ամենաշոգը դարձած են դիտարկումներու պատմութեան մէջ։ Հիմնական կլիմայական խնդիրներու շարքին են ծովու մակարդակի արագ բարձրացումը, ովկիանոսներու ջերմաստիճանի բարձրացումը, ջերմոցային կազերու քանակի աւելացումը:

«Աշխարհը կը շարժի ջերմաստիճանի աղէտալի բարձրացման՝ ըստ Սելսիուսի 2,7 աստիճանով։ Մենք կը շտապենք կլիմայական աղէտի։ Նոյնիսկ ամենալաւ սենարի պարագային ջերմաստիճանը պիտի բարձրանայ Սելսիուսի աւելի քան 2 աստիճանով», յայտնած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը։

Ան միջազգային հանրութեան կոչ ըրած է անյապաղ միջոցներու ձեռնարկելու՝ կլիմայի անդառնալի փոփոխութիւնները կանխելու համար։