«Մենք իրանական վարչակարգը պիտի քշենք դէպի քարի դար, ուր անոր տեղն է»,– ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը՝ պետութեան ուղղուած իր ուղերձին մէջ։
«Առաջիկայ 2–3 շաբաթներու ընթացքին մենք նոր հզօրագոյն հարուածներ պիտի հասցնենք Իրանին։ Մենք իրանական վարչակարգը պիտի քշենք դէպի քարի դար, ուր անոր տեղն է»,– ըսած է Թրամփը։
Ան նաեւ նշած է, որ ԱՄՆ-ը Հորմուզի նեղուցին կարիքը չունի, եւ այդ հարցով պէտք է զբաղին անոնք, որոնք զայն կ՚օգտագործեն նաւթի փոխադրութեան համար։ Միեւնոյն ժամանակ, նախագահը նախազգուշացուցած է, որ Թեհրանի կողմէ գործարքէն հրաժարելու պարագային Ուաշինկթըն պատրաստ է դիմելու ծայրայեղ քայլերու։
«ԱՄՆ-ը միաժամանակ պիտի ոչնչացնէ Իրանի բոլոր ղեկավարները եւ առանց բացառութեան բոլոր առանցքային քաղաքական դէմքերը, եթէ Թեհրանը համաձայնութեան չգայ Ուաշինկթընի հետ»,– ըսած է ան։
Բացի այդ, նախագահը յայտարարած է, որ Իրանի նախկին արմատական առաջնորդները արդէն մեռած են, եւ համաձայնութեան բացակայութեան պարագային նորերն ալ պիտի ոչնչացուին։