image

«Մենք համաշխարհային պատերազմի չենք ձգտիր». Պայտըն

«Մենք  համաշխարհային պատերազմի չենք ձգտիր». Պայտըն

Միացեալ Նահանգները եւ այլ արեւմտեան երկիրներ, Ուքրանիոյ զէնք մատակարարելով, չեն ձգտիր Ռուսիոյ հետ պատերազմի կամ երրորդ համաշխարհային պատերազմի։ Այս մասին չորեքշաբթի յայտարարած է ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընը՝ Սպիտակ տան մէջ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ բանակցութիւններէն ետք կայացած համատեղ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ, գրած է ԹԱՍՍ-ը։

«Ես մի քանի հարիւր ժամ դէմ առ դէմ անցուցած եմ մեր եւրոպացի դաշնակիցներու եւ պետութիւններու ղեկավարներու հետ՝ վիճելով, թէ ինչու իրենց լաւագոյն շահերէն կը բխի շարունակել աջակցիլ Ուքրանիոյ։ Անոնք այդ լիովին կը հասկնան, բայց չեն ուզեր պատերազմ Ռուսիոյ հետ։ Անոնք չեն ուզեր երրորդ համաշխարհային պատերազմ, եւ ես կը կարծեմ, որ այդ ամէնէն կարելի է խուսափիլ, եթէ այնպէս ընենք, որ  Ուքրանիան կարենայ յաջողութեան հասնիլ մարտի դաշտին մէջ»,- փաստարկած է Պայտըն՝ նկատի ունենալով Քիեւին զէնք մատակարարելը։

«Մենք կը պատրաստուինք Ուքրանիոյ տրամադրել այն, ինչ անհրաժեշտ է, որ ան կարենայ պաշտպանուիլ, որ ան կարենայ յաջողութեան հասնիլ մարտի դաշտին մէջ»,- պատասխանած է պետութեան ղեկավարը։

Պայտը հաստատած է, որ այս տարուան փետրուարի վերջէն Քիեւին տրամադրուող ամերիկեան օգնութեան ծաւալը գերազանցած է 21 միլիառ տոլարը։

«Մենք կեդրոնացած ենք դաշնակիցներու եւ գործընկերներու հետ աշխատելու վրայ՝ զարգացնելու համար Ուքրանիոյ կարողութիւնները չորս հիմնական ոլորտներու մէջ», -ըսած է Պայտըն, նկատի ունենալով հակաօդային պաշտպանութեան, ժամանակակից հրետանային համակարգերու, զրահատեխնիկայի ու զինամթերքի մատակարարումները։