Քննչական կոմիտէն կը հաղորդէ, որ պատերազմի ժամանակ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի N պաշտպանական շրջանի հրամանատար գնդապետ Վ.Յ-ին մեղադրանք առաջադրուած է:
Ըստ Կոմիտէին, Վ.Յ-ն ռազմական դրութեան պայմաններու մէջ եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմի ընթացքին` 2020-ի Հոկտեմբեր 10-13 ժամանակահատուածին, հրաժարած է կատարելէ զինուորական ծառայութեան առանձին` գունդի հրամանատարի պարտականութիւնները, որ զուգորդուած է անոնց փաստացի դադարեցմամբ, ինչպէս նաեւ ծառայութեան նկատմամբ դրսեւորած է անփոյթ վերաբերմունք:
Վ.Յ-ն-ին մեղադրանք առաջադրուած է Քրէական օրէնսգիրքի 364-րդ յօդուածի (Զինուորական ծառայութեան պարտականութիւնները կատարելէ հրաժարիլը) 3-րդ մասով եւ 376-րդ յօդուածի (Անփոյթ վերաբերմունքը ծառայութեան նկատմամբ)1-ին մասով:
Քրէական գործին նախաքննութիւնը կը շարունակուի: