image

«Մայրերը բաժանուած են երեխաներից, անբուժելի հիւանդ մարդիկ չեն կարողանում բժշկական պարագաներ եւ օգնութիւն ստանալ»․ Միրզոյեանը՝ ՄԱԿ-ի մէջ

«Մայրերը բաժանուած են երեխաներից, անբուժելի հիւանդ մարդիկ չեն կարողանում բժշկական պարագաներ եւ օգնութիւն ստանալ»․ Միրզոյեանը՝ ՄԱԿ-ի մէջ

Միջազգային հանրութիւնը անկարող գտնուեցաւ կանխելու Ատրպէյճանի կողմէ ուժի կիրառումը Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի նկատմամբ, որ յանգեցուց հազարաւոր զոհերու, վիրաւորներու եւ տեղահանման նոր ալիքի։ Այս մասին յայտարարած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը՝ ելոյթ ունենալով ՄԱԿ Անվտանգութեան խորհուրդի «Նոր կողմնորոշում բարեփոխուած բազմակողմանիութեան համար» նախարարական հանդիպման։

Տեղեկութիւնը յայտնած են ՀՀ արտաքին գործից նախարարութենէն։

«Հայաստանն աջակցում է բազմակողմանիութեան ինստիտուտները բարեփոխելու եւ Անվտանգութեան խորհուրդն աւելի ընդգրկուն եւ արդիւնաւէտ դարձնելու ջանքերին, այդ թուում Հնդկաստանի ջանքերին՝ միջազգային խաղաղութեանն ու անվտանգութեանը սպառնացող առկայ եւ ի յայտ եկող մարտահրաւէրներին ու սպառնալիքներին արձագանգելու գործում:

Հայաստանն անմիջականօրէն ականատեսն է եղել բազմակողմանիութեան յետընթացի հետեւանքներին: Միջազգային հանրութիւնն անկարող գտնուեց կանխելու Ատրպէյճանի կողմից ուժի կիրառումը Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի նկատմամբ, որը յանգեցրեց հազարաւոր զոհերի, վիրաւորների եւ տեղահանման նոր ալիքի։

Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի իրաւունքների եւ անվտանգութեան խնդիրը դեռեւս պէտք է հասցէագրուի։ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը պէտք է հնարաւորութիւն ունենայ արժանապատիւ եւ խաղաղ ապրել սեփական հայրենիքում»,-մասնաւորապէս ըսած է Արարատ Միրզոյեան։

Ան շեշտած է, որ յետընթաց դրսեւորած է Անվտանգութեան խորհուրդի կողմէ մանթատ ստացած ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութիւնը՝ իր պարտականութիւնները կատարելու անկարողութեամբ։

«Հակամարտող կողմերից մէկն, ըստ էութեան, արգելափակում է այս ձեւաչափի գործունէութիւնը։ Աւելին, միակողմանիօրէն յայտարարում է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը լուծուած է ուժի կիրառման միջոցով, դրանով իսկ խոչընդոտելով միջազգային միջնորդական ջանքերի միջոցով հակամարտութեան հնարաւոր կարգաւորմանը»,-նշած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը, աւելցնելով, որ հակառակ միջազգային հանրութեան կոչերուն՝ Ատրպէյճանը կը շարունակէ բռնագրաւուած պահել Հայաստանի ինքնիշխան տարածքները։

Միրզոյեան ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստի վրայ, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններու աւարտէն երկու տարի անց հայ ռազմագերիներու հայրենադարձութեան խնդիրը կը մնայ չլուծուած։ Ատրպէյճանական կողմը կը շարունակէ իր խեղաթիւրումները՝ մարդասիրական խնդիրներն արհեստականօրէն հակակշռելու եւ հայ ռազմագերիներու վերադարձը սակարկութեան առարկայ դարձնելու նպատակով։

«Արդէն երրորդ օրն է, ինչ Ատրպէյճանը, կոպտօրէն խախտելով իր միջազգային պարտաւորութիւնները, արգելափակել է միակ կեանքի ճանապարհ հանդիսացող Լաչինի միջանցքը՝ այդպիսով կտրելով Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանից եւ արտաքին աշխարհից։ Մինչ մենք այս քննարկումն ենք անցկացնում, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը զրկուել է ազատ տեղաշարժի իրաւունքից. մայրերը բաժանուած են երեխաներից, անբուժելի հիւանդ մարդիկ չեն կարողանում բժշկական պարագաներ եւ օգնութիւն ստանալ։ Աւելին՝ ձմռան ցրտաշունչ պայմաններում Ատրպէյճանը խափանել է Լեռնային Ղարաբաղի կազամատակարարումը: Յարգելի գործընկերներ, Լեռնային Ղարաբաղը կանգնած է պարէնի, էներգիայի (ուժանիւթի) եւ ընդհանուր հումանիտար (մարդասիրական) ճգնաժամի անմիջական սպառնալիքի առջեւ եւ իրավիճակը չկարգաւորուելու դէպքում կը բերի աղէտի»,-յայտարարած է ան։

ՀՀ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը նշած է՝ նման պայմաններու մէջ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը կը պնդէ, որ իրենք պատրաստ են ապահովելու հայերու իրաւունքներն ու անվտանգութեան երաշխիքները, եւ որ ոչ մէկ միջազգային մեքանիզմ կամ ներկայութիւն չի պահանջուիր, բայց այն, ինչ հիմա ունինք, ի ցոյց կը դնէ, թէ անոնք ինչպէս կը պատկերացնեն այդ երաշխիքները:

«Ստեփանակերտի հետ իրաւունքների եւ անվտանգութեան շուրջ երկխօսութիւնից Ատրպէյճանի հրաժարուելու հետ մէկտեղ, այս դիրքորոշումը վկայում է այն մասին, որ Պաքուն շարունակում է ցեղասպան քաղաքականութիւն վարել Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան նկատմամբ»,-շեշտած է Արարատ Միրզոյեան։

Ելոյթի աւարտին Արարատ Միրզոյեան յայտարարած է, որ թէ՛ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի, թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի հարցով Ատրպէյճանը կը հրաժարի կատարել սեփական պարտաւորութիւնները, որոնք ձեռք բերուած են նաեւ բազմակողմ ձեւաչափերով. Ատրպէյճանի ղեկավարութեան գործողութիւնները, ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը եւ առաւելապաշտական մօտեցումը լրջօրէն կը վտանգեն Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու հնարաւորութիւնը։