image

Մայր Աթոռը յայտարարեց Միւռոնօրհնէքի արարողութեան յետաձգման մասին

 Մայր Աթոռը յայտարարեց Միւռոնօրհնէքի արարողութեան յետաձգման մասին

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Տեղեկատուական Կեդրոնէն վերահասու դարձանք, որ յառաջիկայ Հոկտեմբերին նախատեսուած  Միւռոնօրհնութեան հոգեպարար արարողութիւնը անորոշ ժամկէտով յետաձգուած է։

 Կը հաղորդուի նաեւ, որ այս որոշումը տրուած է հաշուի առնելով բոլորիս ցաւ պատճառած Արցախի մէջ ծաւալուող մտահոգիչ զարգացումները։ 

 Ստորեւ այդ մասին Մայր Աթոռի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը.

 

Սեպտեմբերի 22-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնում, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհրդի ժողով, որի ընթացքում քննութեան առնուեց ս․ թ․ հոկտեմբերի 1-ին Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան անցկացման հարցը։ 

Նկատի առնելով Արցախի շուրջ ստեղծուած ծանր իրավիճակը՝ որոշում կայացուեց յետաձգել Միւռոնօրհնէքը եւ յարակից միջոցառումները։

Որոշուեց նաեւ հոկտեմբերի 1-ը հռչակել Արցախի համար համազգային աղօթքի օր, որի առիթով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնում եւ Հայաստանի ու Սփիւռքի բոլոր եկեղեցիներում հաւարտ Ս․ Պատարագի կը կատարուի աղօթքի յատուկ կարգ։