Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Տեղեկատուական Կեդրոնէն վերահասու դարձանք, որ յառաջիկայ Հոկտեմբերին նախատեսուած Միւռոնօրհնութեան հոգեպարար արարողութիւնը անորոշ ժամկէտով յետաձգուած է։
Կը հաղորդուի նաեւ, որ այս որոշումը տրուած է հաշուի առնելով բոլորիս ցաւ պատճառած Արցախի մէջ ծաւալուող մտահոգիչ զարգացումները։
Ստորեւ այդ մասին Մայր Աթոռի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը.
Սեպտեմբերի 22-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնում, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհրդի ժողով, որի ընթացքում քննութեան առնուեց ս․ թ․ հոկտեմբերի 1-ին Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան անցկացման հարցը։
Նկատի առնելով Արցախի շուրջ ստեղծուած ծանր իրավիճակը՝ որոշում կայացուեց յետաձգել Միւռոնօրհնէքը եւ յարակից միջոցառումները։
Որոշուեց նաեւ հոկտեմբերի 1-ը հռչակել Արցախի համար համազգային աղօթքի օր, որի առիթով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնում եւ Հայաստանի ու Սփիւռքի բոլոր եկեղեցիներում հաւարտ Ս․ Պատարագի կը կատարուի աղօթքի յատուկ կարգ։