28 եւ 29 սեպտեմբերին նախատեսուած են Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան եւ Մայր Տաճարի վերաօծման արարողութիւնները։ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եւ ս. Վարդան մատուռ-մկրտարանին մէջ կը պահուի Միւռոնի օրհնութեան 130 տարեկան կաթսան։ Այս մասին տեղեկացուցած է «Շողակաթ» հեռատեսիլային ալիքը իր պատրաստած տեսանիւթով:
Այն ձուլուած է 19-րդ դարու վերջին, Մոսկուայի յայտնի արհեստանոցներէն մէկուն մէջ: Նոր Նախիջեւանցի վաճառական Գասպար Յարութիւնեան-Կարապետօղլեան կաթսան նուիրած է Մայր Աթոռին։ Այս կաթսայով առաջին միւռոնը եփուած է Մկրտիչ Ա Խրիմեան կաթողիկոսի օրհնութեամբ: