image

Մայք Սարեանի նոր նուաճումը. Ձեռք բերուած է «Իլինոյ» նահանգի «Վիսթա» հիւանդանոցը

Մայք Սարեանի նոր նուաճումը. Ձեռք բերուած է «Իլինոյ» նահանգի «Վիսթա» հիւանդանոցը

Ամերիկեան մամուլը կը շարունակէ ուշագրաւ հրապարակումներ կատարել ամերիկահայ յաջողակ գործարար՝ Մայք Սարեանի մասին։

Այդ առումով մեր ուշադրութիւնը գրաւեց ամերիկեան թերթերու առաջատարներէն՝Chicago Tibune -ի կատարած հրապարակումը, ուր մասնաւորապէս ակնարկ եղած է Իլինոյ նահանգին մէջ գտնուող «Վիսթա» հիւանդանոցին մասին, որ վերջին շրջանին գնուած է Սարեանի պատկանող ընկերութեան կողմէ։

Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ հրապարակումը, յարաճուն յաջողութիւն եւ նոր վերելքներ մաղթելով յայտնի գործարարին, որ միեւնոյն ժամանակ նուիրեալ ազգային բարերար է։

Օրերս «Շիքակօ Թրիպիուն» (Chicago Tibune) պարբերաթերթը անդրադարձած էր Իլինոյ նահանգին մէջ գտնուող «Վիսթա Մէտիքըլ Սէնթըր» հիւանդանոցի մասին (Vista Medical Center East Waukegan), յայտարարելով, որ ան ունի նոր սեփականատէր մը։

Յօդուածը կը տեղեկացնէ, թէ «Վիսթա Մէտիքըլ Սէնթըր»-ը գնուած է երկու տարիէ ի վեր գոյութիւն ունեցող առողջապահական «Ամերիկեան Առողջապահական Համակարգ»՝ American Healthcare Systems մեծ ընկերութեան կողմէ, որուն մասնագիտութիւնն է համայնքային հիւանդանոցներու գործունէութիւնը եւ որուն կեդրոնատեղին կը գտնուի Լոս Անճըլըսի մէջ։ 

«Վիսթա Մէտիքըլ Սէնթըր»-ը ծախուած է «Քուորում Հէլթ» (Quorum Health) քոյր ընկերութեան միջոցով։ 

Մայք Սարեան, Ամերիկեան Առողջապահական Համակարգի (American Healthcare Systems) գլխաւոր գործադիր տնօրէնը եւ հիմնադիրն է։ American Healthcare-ի գլխաւոր իրաւաբան՝ Ֆայսալ Կիլը, Սարեանի մասին խօսելով կ՚ըսէ. «Ան առողջապահական ոլորտի մէջ 30 տարուայ փորձ ունի եւ որոշած է հիմնել իր սեփական ընկերութիւնը»։

Երբ Սարեան ստանձնեց American Healthcare-ի ղեկավարումը, ան Randolph Health Hospital-ը սնանկութենէն փրկեց եւ զայն վերածեց շահութաբեր առողջապահական ընկերութեան։ 

Իսկ մէկ տարի առաջ American Healthcare-ը ձեռք բերաւ South City հիւանդանոցը, որ թէեւ սնանկացած չէր, սակայն թերի աշխատանք կը կատարէր։ Իսկ այժմ ան կը գործէ ամուր հիմքերու վրայ:

Կիլը կ՚ըսէ, թէ ընկերութեան նպատակն է գնել համայնքային հիւանդանոցները եւ զանոնք վերածել շահութաբեր, կատարելագործուած առողջապահական կեդրոններու, որպէսզի առաւելագոյնս ծառայեն համայանքին։