Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Դիմատետրեան էջէն կը կարդանք՝
Ընդառաջելով Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի փափաքին, ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Մայք եւ Եւելինա Սարեաններ գոհունակ սրտով յանձն առին հովանաւորել 2024 տարեշրջանի «Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան աւանդական ընթրիք»ը, այս մասին ուրախութեամբ կը յայտարարեն Կրօնական ժողովը, Ազգ. վարչութիւնն ու Տիկնանց Օժանդակ մարմինը:
Ընթրիքը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 6 Յունուար 2024-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի Բաղրամեան սրահին մէջ:
Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս բարձր կը գնահատէ Սարեան ամոլի առատաձեռն նուիրատուութիւնն ու կամեցողական ոգին եւ աղօթաբար կը մաղթէ, որ աստուածային օրհնառատ բարիքները անպակաս ըլլան Սարեան մեծ ընտանիքի կեանքէն ու գործունէութենէն:
Յայտնենք, որ յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, ընթացիկ տարուան մէջ Առաջնորդ Սրբազանը «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշանով պարգեւատրեց Հայ Եկեղեցւոյ նուիրեալ զաւակ Մայք Սարեանը: