Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիոյ նահանգին մէջ պիտի կազմակերպուի երաժշտական յուշանուէրներու աճուրդ, որու ընթացքին վաճառքի պիտի հանուին Մարլէն Մոնրոյի այն վարդագոյն զգեստը, որ հագած էր աստղ՝ Մատոնան 1984-ին իր «Material Girl» երգի տեսահոլովակի ընթացքին, նաեւ Beatles խումբի, նախքան յայտնի տեսքը ստանալը, օգտագործած հարուածային գործիքներու հաւաքածոն, ինչպէս նաեւ այլ երաժշտական իրեր:
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ LBCI կայքէն:
Աղբիւրը նշած է թէ Մատոնայի զգեստի գինը, աթլասէ ձեռնոցներուն եւ յարգի քարով զարդարուած ապարանջային հետ կը գնահատուի մօտաւորապէս 100 հազարէն 200 հազար տոլարով:
Անոնք վաճառքի պիտի հանուին Մայիսին, «Ժուլիանզ» աճուրդի ծիրէն ներս «Երաժշտական պատկերներ»-ու հաւաքածոյին մաս կազմելով:
Ի դէպ, նշուած զգեստը պատրաստուած էր 1980-ին, Մոնրոյի մասին հեռատեսիլային շարժապատկեր մը նկարահանելու ժամանակ, եւ անիկա վարձուած էր Մատոնայի երաժշտական տեսահոլովակին մէջ օգտագործուելու նպատակով:
Նշուած է նաեւ, որ նոյն աճուրդին մաս պիտի կազմեն նաեւ Ճոն Լենընի եւ Փօլ Մըքարթնիի առաջին խումբերու հազուագիւտ հարուածային գործիքները, որոնց արժէքը կը գնահատուի 400 հազարէն 600 հազար տոլարով: