image

Մարոք եւ Փորթուկալ դէպի քառորդ աւարտական

Մարոք եւ Փորթուկալ դէպի քառորդ աւարտական

Մոնտիալ 2022-ի ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներու 1/8 եզրափակչին Մարոքի հաւաքականը յետխաղեայ 11 մեթրանոցներով յաղթանակի հասաւ Սպանիոյ խումբի նկատմամբ։

Մարոքի վերջին հարուածը անվրէպ կատարեց Հաքիմին ու իր խումբը անցուց քառորդ եզրափակիչ:

Աշխարհի ախոյանութեան 2022-ի 1/8 եզրափակչի վերջին խաղին Փորթուկալի հաւաքականը մրցեցաւ Զուիցերիոյ խումբի հետ:

Առաջին խաղակէսէն ետք փորթուկալացիները յաղթեցին 2:0 հաշուով:

Խումբերը ընդմիջման գացին այս հաշուով: 51-րդ վայրկեանին Կոնսալօ Ռամուշը հաշիւը դարձուց 3:0: 4 վայրկեան անց Կերէյրոն հաշիւը դարձուց 4:0, իսկ 3 վայրկեան անց Ականճին կրճատեց այն:

67-րդ վայրկեանին 21-ամեայ Կոնսալօ Ռամուշը խփեց այս խաղին իր 3-րդ կոլը, իսկ 92-րդ վայրկեանին Ռաֆայէլ Լեաուն հաշիւը դարձուց 6:1:

Այսպիսով, Փորթուկալը դուրս եկաւ քառորդ եզրափակիչ:

Քառորդ եզրափակչին Մարոքը պիտի խաղայ Փորթուկալի հետ: