image

Մարտիմէկեան իրադարձութիւններէն անցած է 17 տարի

Մարտիմէկեան իրադարձութիւններէն անցած է 17 տարի

17 տարի առաջ Երեւանի կեդրոնին մէջ ողբերգական իրադարձութիւններ տեղի ունեցան, որու հետեւանքով զոհուեցաւ 10 քաղաքացի:

2008-ի փետրուար 18-ի նախագահական ընտրութիւններէն ետք ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմնակիցները հաւաքուած էին Ազատութեան հրապարակ եւ կը պահանջէին ընտրութիւններու արդիւնքներու վերանայում:

Անոնք 10 օր շարունակ շուրջօրեայ հանրահաւաքներ կայացուցած էին Ազատութեան հրապարակի վրայ:

17 տարի առաջ այս օրը, լուսադէմին, նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքներու դէմ  բողոքող քաղաքացիները ուժով հանեցին Ազատութեան հրապարակէն: Իսկ Միասնիկեանի արձանին յարող տարածքին մէջ զոհուեցաւ ՀՀ 10 քաղաքացի:

Իշխանութիւնները յայտարարեցին արտակարգ դրութիւն։