image

Մարսէյլի «Աբովեան» վարժարանը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը. Սկսած են գործել արուեստի խմբակներ (Լուսանկար)

Մարսէյլի «Աբովեան» վարժարանը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը. Սկսած են գործել արուեստի խմբակներ (Լուսանկար)

Ֆրանսահայ շրջանակներուն ծանօթ, Մարսիլիոյ սրտին մէջ գտնուող Խաչատուր Աբովեան վարժարանը կը տանի ազգանուէր գործունէութիւն, պահպանելով հայկական ինքնութիւնը եւ մշակոյթը իր բոլոր ձեւերով: Վարժարանէն ներս կը կարեւորուի կրթութեան որակի բարձրացումը։

Այս առումով ալ, Մարսէյլի հայկական «Աբովեան» վարժարանը, որու տնօրէնն է ազգային գործիչ՝ Կարէն Խուրշուտեան, միշտ իրականացուցած եւ կազմակերպած է տարբեր միջոցառումներ՝ գեղարուեստական, մշակութային, կրթական։

Օրերս պարզ դարձաւ, որ դպրոցը  շարունակելով իր առաքելութիւնը, նաեւ հիմնած է արուեստի խմբակներ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ վարժարանի դիմատետրեան էջէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Բազմաթիւ խնդրանքներին գնալով ընդառաջ, Աբովեան Վարժարանը բոլոր երեխաներին ընձեռում է նոր հնարաւորութիւն։

Այսուհետեւ, ցանկացած երեխայ կարող է յաճախել Աբովեան Վարժարանի երգի, պարի, դաշնամուրի, նկարչութեան եւ շախմատի խմբակներ առանց հայերէնի դասերին պարտադիր մասնակցելու։

Կարող էք գրանցուել մինչեւ նոյեմբերի 15-ը։