Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն կիրակի այցելած է Երուսաղէմի մէջ Սուրբ Յարութեան տաճար։ Այդ մասին յայտնած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը։
Անոր դիմաւորած են հոգեւորականներ, այդ շարքին՝ Դիւանապետ՝ Հոգեշնորհ Տ. Աղան Վարդապետ Գոգչեանը եւ Սուրբ Յարութեան Տաճարի նախկին տեսուչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Սամուէլ Ծ. Վարդապետ Աղոյեանը:
Նշենք, որ Ռուպիոն Միւնիխի մէջ անվտանգութեան համաժողովին եւ G7-ի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման մասնակցելէ ետք այցելած է Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներ: